Որոնել

Ռիմիննի 2022 թուականին հաւաքը Ռիմիննի 2022 թուականին հաւաքը 

Ֆրանչիսկոս Պապ Ռիմինիի հաւաքի մասնակիցներուն, բաժնեկցութիւն եւ մօտիկութիւն, սա է Քրիստոնեային պարտականութիւնը։

«Հաղորդութիւն եւ ազատագրում» եկեղեցական շարժումին հիմնադիրին հարիւր ամեակին առիթով, Ռիմինիի 2022 թուականին հաւաքին առանցքը դարձաւ Աստուծոյ ծառայ Լուիճի Ժուսսանիի առաքեալական եռանդը, որ պարունակուած է 1985ին արտասանած պատգամին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ պատգամ մը յղեց, Ռիմինիի մէջ 20 օգոստոսին կայացող «Հաղորդութիւն եւ ազատագրում» եկեղեցական շարժումի կողմէ կազմակերպուած «Սէր մը մարդու հանդէպ» բնաբանով 43-րդ հաւաքին մասնակիցներուն։

«Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» եկեղեցական շարժումին հիմնադիրին հարիւր ամեակին առիթով, Ռիմինիի 2022 թուականին հաւաքին առանցքը դարձաւ Աստուծոյ ծառայ Լուիճի Ժուսսանիի առաքելական եռանդը, որ պարունակուած է 1985ին արտասանած պատգամին մէջ եւ որուն նիւթը ներշնչումի աղբիւր դարձաւ վերոյիշեալ հաւաքին հինգօրեայ հանդիպումներուն, զրոյցներուն եւ գեղարուեստական ներկայացումներուն. «Քրիստոնէութիւնը չէ ծնած հիմնելու համար կրօնք մը, ծնած է որպէս սէր մարդու նկատմամբ։ Սէրը մարդու հանդէպ, յարգանք մարդու հանդէպ։»

«Սէր մարդու հանդէպ» արդարեւ, այս եղաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին, Վատիկանի Պետական քարտուղարին ստորագրութիւնը կրող պատգամին նիւթը, ուղղուած Ռիմինիի թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Կուիտօ Լամպիազէի, որուն պարունակութիւնը կոչ դարձաւ ներկայ քրիստոնեաներուն, «որ բոլորը բոլորին դէմ իրավիճակին մէջ» վերագտնեն ուրիշներու համար «Սիրոյ ուշադրութեան» ուղին, ինչպէս նաեւ մօտիկութիւնն ու բարիքի որոնումը։

Բարի Սամարացիին օրինակով, Քրիստոսի նման սիրել իւրաքանչիւրը։

Պատգամին մէջ դիտել տալով, որ «փխրուն ժամանակները, որուն մէջ կ՝ապրինք, նայեւ այն համոզումը, որ պակասը կայ քեզ վեր բարձրացնող ձեռքի մը, քեզ փրկող ու ներող ողջագուրում մը՝ երեւոյթ մը, որ ամենէն ցաւալին հանդիսացաւ համաճարակի օրերուն ապրող բազմաթիւ անձերուն, Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն պատգամին առանցքը կը դառնայ Բարի սամարացիին առակը, որուն մէջ կը մարմնանայ իւրաքանչիւր եղբօր եւ քրոջ հանդէպ անվերապահ սէրը, որ չկայանար «Լոկ վեհանձնութեան» մէջ այլ կը կայանայ Քրիստոսը վերագտնելու մէջ իւրաքանչիւր բացառուած եւ լքուած եղբօր մէջ։ 

Եղբայրութեան ուղին 

Պատգամին մէջ կարդինալ Փարոլին շեշտած է եղբայրութեան ուղիին կարեւորութիւնը նշելով, թէ«եղբայրութեան ուղին չէ գծուած ամպերու մէջ, այլ կ՝անցնի շատ մը հոգեւոր անապատներու մէջ, որոնք ներկայ են մեր ընկերութեան մէջ» ու ինչպէս կ՝ըսէ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը, «յատուկէն անապատին մէջն է, որ կը բացայայտնենք արժէքը այն ինչ որ էական է ապրելու համար» ու ֆրանչիսկոս Պապ ցոյց կու տայ այդ ուղին, «մեր յանձնառութիւնը, որ չկայանար բացառապէս խնամքի կամ զարգացման գործունէութիւններու մէջ ,այլ նախ եւ առաջ ուրիշին ուշադրութիւն ցուցաբերելու մէջ համարելով զայն, որպէս մեր միջեւ միակ մէկ բան մը։

Ընկերային բարեկամութիւնը, ուրիշներու նուիրուելու պտուղն է։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յանձնարարէ կառուցել ընկերային բարեկամութիւն մը, որ բաց եղբայրութիւն է բոլորին, սէր ուրիշին հանդէպ ,այնպէս ինչպէս որ է Աստուծոյ արարչագործութիւնը, ստեղծուած Աստուծոյ նման ու պատկերով, օժտուած անշօշափելի արժանապատուութեամբ, որուն վրայ ոչ մէկը կրնայ տիրապետել կամ չարաշահիլ։

Պատգամի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ Հաւաքի մասնակիցները խթանելու ընկերային բարեկամութիւնը, կրճատելով հեռաւորութիւնները, խոնարհելով դպչելու համար ժողովուրդին մէջ Քրիստոսի տառապած մարմնին։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ հաւաքի մասնակիցները շարունակելու գործակցիլ տիեզերական եկեղեցւոյ հետ, ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ուղիին վրայ, աշխարհի մէջ ծաւալելով մարդու հանդէպ սէրը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2022, 13:02