Որոնել

1659696453807.JPG

Յիսուս գաղափար մը չէ, բարոյական կանոն մը չէ, Ան անձ մըն է, բարեկամ է, ճանապարհի ընկեր է

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Alpha Youth Camp» ճամբարի մասնակցող երիտասարդներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

31 Յուլիսէն մինչեւ 7 օգոստոս 2022ին Իտալիոյ եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէն 350-է աւելի պատանիներ համախմբուած են Իտալիոյ հարաւային շրջանին մէջ գտնուող «Macchia d’Isernia» գիւղաքաղաքին մէջ, մասնակցելու համար «Alpha Youth Camp» ճամբարին, որ նախաձեռնութիւնն է Իզերնիա-Վենաֆրօ թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ Քամիլլօ Չիպոթիին։

Ճամբարի յայտագիրին մէջ նախատեսուած էր նաեւ այց Վատիկան եւ հանդիպում Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, զոր տեղի ունեցաւ ուրբաթ 5 օգոստոսի առաւօտեան, առաքելական պալատի «Քլեմենթինա» դահլիճին մէջ։

Ընկերակցիլ 

Գերապայծառ Քամիլլօ Չիպոթիին Քահանայապետին ուղղած շնորհակալութեան խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր պատգամը փոխանցելով ներկաներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար ապա շեշտը դրաւ Եկեղեցւոյ համար բանալի բառի մը վրայ, որ է «ընկերակցիլ», ակնարկելով, թէ ինչպէս Եպիսկոպոսը, քահանաները եւ Ալֆա ճամբարի մանկավարժներն ու ղեկավարները, այսօր ընկերացան պատանիներուն։

Իւրաքանչիւր մարդու սիրտ ունի միշտ անհունին ծարաւը

«Դուք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, իտալացի եւ եւրոպայի այլ երկիներէն երիտասարդներ էք ու ծնած էք «աշխարհական» նկատուող ժամանակաշրջանի մը մէջ, այսինքն` ուր մշակոյթին մէջ կը գերակշռեն ոչ թէ սրբութեան չափանիշը այլ աշխարհիս իրողութիւնները։ «Բայց եւ այնպէս իւրաքանչիւր մարդու սիրտ ունի միշտ անհունին ծարաւը», դիտել տուաւ Քահանայապետը մատնանշելով, որ այդ մէկը «մարդիկը կը մղէ հարցեր տալու», թէ ո՞րղտեղէն կու գանք, ի՞նչն է ամէն բանի սկիզբը, ի՞նչ իմաստ ունի իմ գոյութիւնս, ի՞նչու այսքան տառապանք կայ աշխարհիս մէջ։ Հարցեր, որոնք կը ներգրաւեն բոլորը` փոքրեր ու մեծահասակներ։

Ի՞նչ կը փնտռէք

«Աստուած կը սիրէ հարցումները։ Որովհետեւ հարցումները բաց են, իսկ պատասխանները փակ։ Յիսուս իրեն հետեւող առաջին երկու աշակերտներուն դիմեց այս խօսքերով «Ի՞նչ կը փնտռէք» (Յովհ. 1,38)» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը։ Պատասխաններ տալէ առաջ Յիսուս կը սորվեցնէ հիմնական հարց մը ուղղել «Ի՞նչ կը փնտռեմ», աւելցուց Քահանայապետը, հաստատելով` որ «եթէ մէկը այս հարցումը կ՜ուղղէ երիտասարդ է, նոյնիսկ եթէ ութսուն տարեկան է, իսկ եթէ չընէ այդ մէկը ան ծեր է նոյնիսկ եթէ քսան տարեկան է»։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա անցեալ օրերուն Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան եւ բնիկներուն հետ ունեցած հանդիպումին, «որոնք կը պահպանեն հինաւուրց արժէքներ եւ աւանդութիւններ ու կ՜ապրին շատ արդի երկրի մը մէջ» նկատել տուաւ Ան։

Լիութիւնը կարելի է գտնել Յիսուս Քրիստոսի մէջ

«Ձեզի նայելով կը մտածեմ այդ բնիկ ժողովուրդներու երիտասարդներուն։ Ձեզմէ շատ տարբեր, բայց միեւնոյն ատեն նման են։ Նման մարդկային իմաստով, այսինքն այն բանով, որ մեզ մարդկային կը դարձնէ` Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը, յարաբերութիւն միւսներուն ու արարչութեան հետ, ապա մենք մեր անձին հետ ազատութեան, ձրիութեան եւ անձնուիրումի մէջ» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ այս յարաբերութիւնը ունի լիութեան իղձ մը, որ կարելի է գտնել Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Քրիստոս կ՜ապրի

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց մի քանի տարիներ առաջ երիտասարդներուն ուղղած իր նամակին, որ կը սկսի «Քրիստոս կ՜ապրի» խօսքերով։

«Ան մեր յոյսն է ու այս աշխարհի ամենագեղեցիկ երիտասարդութիւնը։ Ամէն բան որուն ան կը դպչի երիտասարդ կը դառնայ, կը դառնայ նոր ու կը լեցուի կեանքով… Ան կ՜ապրի եւ կ՜ուզէ, որ դուն կենդանի ըլլաս….այնքան` որ դուն կարող ես հեռանալ, քու մօտդ միշտ ալ կայ Յարուցեալը, որ քեզ կը կոչէ եւ կը սպասէ քեզի, որպէսզի վերսկսիս քու ուղեւորութիւնդ։...երբ ձախողութեան, վախերու, տարակոյսներու մէջ ես` Ան միշտ քու մօտդ է, քեզի տալու համար յոյս եւ ուժ» (Christus vivit, առաքելական Յորդորագիր 1-2)։

Քրիստոսին Ալֆան է ու նաեւ Օմեկան

Այս մէկը վաւեր էր Անդրէասին, Յովհաննէսին, Սիմոնին եւ Յակոբոսին համար, որոնք դարձան Յիսուսին առաքեալները ու վաւեր է նաեւ ինծի համար` որ զգացի կուչումը երբ 17 տարեկան էին, վաւեր է նաեւ քեզի համար, համացանցի ժամանակահատուածի երիտասարդ։ Յիսուս միշտ կը մնայ սկիզբը եւ վերջը, Ալֆան եւ Օմեկան։ Ալֆան հոմանիշ է ծնունդի, սկիզբի, կեանքի արշալոյսի… Քրիստոսին Ալֆան է ու նաեւ Օմեկան` այսինքն աւարտը, լիութիւնը։ Պէտք է, որ անոր հետեւինք, ոչ ըսենք եսասիրութեան, եսակեդրոնութեան։ Մենք մեզ ճանչնալ այնպէս ինչպէս, որ ենք, չփախչինք իրականութենէն, չփակուինք մենք մեր մէջ, այլ ստանձնենք մեզի ինկած պատասխանատուութեան մասը, զոր Յիսուս կը կոչէ «սեփական խաչ», ու զայն կրենք սիրով եւ ուրախութեամբ», ոչ թէ միայնակ, որովհետեւ անկարելի է այդ մէկը, այլ միշտ Յիսուսին հետ, Ինք մեր առջեւ ու մենք անոր ետեւէն», ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, աւելցնելով` որ «այս մէկը մեզի պիտի տայ անդորրութիւն եւ վստահութիւն»։

Աստուած նմանօրինակներ չուզեր այլ միայն բնօրինակներ

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը ակնարկեց Երանելի Քարլօ Աքութիսին զայն ներկայացնելով, որպէս երիտասարդներու տիպար որ կ՜ըսէր «Աստուած նմանօրինակներ չուզեր այլ միայն բնօրինակներ»։ Ան ձեզ նման այս ժամանակներու զաւակ էր, ոգեւորուած համակարգիչով բայց եւ ամէնէ առաջ սիրահարուած Յիսուսին, Սուրբ Հաղորդութեան, զոր Ան կ՛անուանէր «Երկինք տանող մայրուղի»:

Յիսուս գաղափար մը չէ, բարեկամ է, ճանապարհորդակից է

Անոր երկրային կեանքը եղաւ շատ կարճ բայց լեզուն։ Ան եղաւ նման վազքի մը դէպի Երկինք։ Ան այդ վազքը սկսաւ այն օր երբ առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը ճաշակեց, երբ հանդիպեցաւ Յիսուսին, Անոր Մարմնոյ եւ Արեան մէջ։ «Յիսուս գաղափար մը չէ, բարոյական կանոն մը չէ, Ան անձ մըն է, բարեկամ է, ճանապարհի ընկեր է» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով բոլորին, որ Յիսուսը դառնայ անոնց մեծ Բարեկամը, անոնց ճանապարհորդի ընկերը։ Ան դառնայ իրենց նոյնինքն կեանքը` «Նմանօրինակներ մի ըլլաք`  եղէք բնօրինակ, ամէն օր եւ առ յաւէտ։ 

«Բարի երթ», ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2022, 12:59