Որոնել

Աղօթք Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «միշտ աղօթել նոյնիսկ եթէ Աստուած համր եւ խուլ կը թուի»։

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 օգոստոսի թուիթը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 13 օգոստոսին, ֆրանչիսկոս Պապ «թուիթր»ի վրայ գրառում մը կատարելով հրամայական նկատեց առանց յոգնելու միշտ աղօթել նոյնիսկ եթէ Աստուած խուլ եւ համար կը թուի։

Նորին Սրբութեան յիշեալ թուիթրին պարունակութիւնը քաղուած է անցեալ 11 հոկտեմբեր 2020ին, համաճարակի դժուար օրերուն, առաքելական մատենադարանէն ներս առցանց շնորհած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնէն, որուն մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ կեանքին մէջ կան խաւար պահեր եւ հաւատքը պատրանքը կը թուի սակայն աղօթել կը նշանակէ ընդունիլ այդ յոգնութիւնը։

“«Հարկէ միշտ աղօթել, նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ ապարդիւն կը թուի, ու Աստուած խուլ եւ համր կը գտնուի եւ կարծես, թէ ժամանակ կը կորսնցնենք։ Նոյնիսկ եթէ երկինքը կը խաւարի, քրիստոնեան չի դադրիր աղօթելէ»։”

Մոմեր
Մոմեր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2022, 13:30