Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Երթալ հոսանքին հակառակ եւ որոնել լռութիւնը բաժնուելով աշխարհի աղմուկէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Քափուչիններու Սուրբ ընտանիքի աշխարհական կարգի մայրապետներուն»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Քափուչիններու Սուրբ ընտանիքի աշխարհական կարգի մայրապետներուն» 23-րդ ընդհանուր նիստի մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր գոհունակութիւնը յայտնեց մայրապետներուն աշխարհի չորս ծագերէն ժամանելնուն համար, ըսելով որ անիկա, գեղեցիկ իրողութիւն մըն է, որովհետեւ ցոյց կու տայ թէ անոնք իսկապէս կ՝ապրին, հիւրընկալութեան եւ ընդհանրական եղբայրութեան հոգի մը, ըստ «Սուրբ Ընտանիքի» հետ ունեցած իրենց յատուկ յարաբերութիւններու։

«Այս յատուկ ընտանիքի միջավայրի վերաբերմունքը, ուզեցիք արտայայտել ձեր ընդհանուր նիստին բնաբանին մէջ, որ կը շրջի երկու գաղափարներու շուրջ. խոնարհ ունկնդրութիւն եւ սինոդականութիւն» ըսաւ սրբազան Հայրը  աւելցնելով որ անոնք ոգեշնչող խօսքեր են, որոնք խորունկ արմատ ունին կրօնական կեանքի մէջ։

Ունկնդրելու համար նախ եւ առաջ կարիքը կայ լռութեան, խորունկ լռութեան։

Խօսելով ապա ունկնդրութեան մասին Նորին Սրբութիւն շեշտեց, որ ունկնդրելու համար նախ եւ առաջ կարիքը կայ լռութեան, խորունկ լռութեան, ներքին լռութեան, դիտել տալով որ յաճախ մեր ապրելակերպերը լի են աղմուկներով։ Ինչպէս նշած է, Սուրբ Պօղոս Զ իր «Նազարեթ»ի պատգամին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ մարգարէութիւնը զոր կը խնդրէ Յիսուս այն է երթալ հոսանքին հակառակ եւ որոնել լռութիւնը ու բաժնուիլ աշխարհէն ու աղմուկէն ու այս իրողութիւնը թոյլ կու տայ ուշադրութիւն ցուցաբերելու ու արհեստաւորական համբերութեամբ գտնելու տարբեր հնչիւններ, կշռելով ու զանազանելով զանոնք։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ փորձութիւն մըն է այն բանը երբ մեր գլխուն մէջ կ՝ունեանք գեղեցիկ մեղեդի մը ու կը սկսինք մերժել ու փորձել լռեցնել այն ինչ, որ անոր համահունչ չէ դիտել տալով որ դա ուրիշը դատապարտել է ու Աստուծոյ տեղը դրուիլ է ինչպէս նաեւ որոշել է ով արժանի է։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց մայրապետները դառնալու ունկնդրութեան մարգարէները, առաջին հերթին ունկնդրել Աստուծոյ ձայնը, զոր կը կանչէ բոլորը սիրելու առանց խտրութեան, սիրելու արարչագործութիւնը, որպէս պարգեւ եւ տեսնելու ամէն բանի մէջ անոր մեծութիւնը ինչպէս կը սորվեցնէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը արարչագործութեան մասին իր շարականին մէջ։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2022, 12:46