Որոնել

«Խաղաղութիւնը կը բխի եղբայրութենէն, կ’ամրապնդուի անարդարութեան և անհաւասարութեան դէմ պայքարի միջոցաւ, կը կառուցուի ուրիշներուն ձեռք մեկնելով». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Միասին քալել երկրի վրայ՝ որպէս երկնքի զաւակներ, յոյսի հիւսողներ, ներդաշնակութեան արհեստաւորներ, խաղաղութեան և միասնութեան առաքեալներ»: Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումարը» իր աշխատանքները փակեց ընդունելով Համատեղ Հռչակագիր։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբաթի 15 սեպտեմբերին Ղազախստան կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ կազմակերպուած «Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7րդ համագումարի» եզրափակիչ նիստին առիթով հանդէս եկաւ ամփոփիչ ճառով։

Քալել միասին

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Քալեցինք միասին», այս խօսքերով է որ Սրբազան Պապը սկսաւ իր ելոյթը, իր շնորհակալութիւնները յայտնելով աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած մասնակիցներուն՝ անոնց աշխատանքի ու յանձնառութեան և խաղաղութեանը միտուած ջանքերուն համար, տեղւոյն իշխանութիւններուն՝ ընդունելութեան և համաժողովը կազմակերպելու համար, «Ղազախստանի բարեկամ ու խիզախ բնակչութեան», որ ունակ է ողջունելու այլ մշակոյթներ՝ պահպանելով իր վեհ պատմութիւնն ու թանկարժէք աւանդոյթները:

«Կան բազմաթիւ բռնութիւններ եւ ատելութիւն, երկխօսութեան ու միւսը հասկնալու պակաս. Այս համաշխարհայնացած աշխարհը տակաւին շատ վտանգաւոր ու գայթակղեցուցիչ է։ Չենք կարող յառաջ ընթանալ իրար կապուած ու բաժնուած, իրար զօդուած ու յօշոտուած շատ մը անարդարութիւններէ» ըսաւ Սրբազան Պապը

Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար
Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար

Միասին արձագանքել բռնութիւններուն

Ան ապա ակնարկեց իր այս այցելութեան կարգախօսին` «խաղաղութեան եւ միութեան պատգամաւորներ» որ «յոգնակիով հոլովուած է, որովհետեւ ուղեւորութիւնը միասնական է» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով կրօններու 7-րդ Համաժողովին որ սկիզբ առած էր 2003-ին, օրինակ ունենալով 2002-ին «Յանուն խաղաղութեան համաշխարհային աղօթքի օրը», որ գումարուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ Ասսիզիին մէջ ՝ վերահաստատելու կրօնական աւանդոյթներու դրական ներդրումը ժողովուրդներու միջև երկխօսութեան և ներդաշնակութեան մէջ, յետ «2001-ի սեպտեմբեր 11-ին տեղի ունեցածէն», երբ հարկաւոր է «միասին արձագանքել, այն պայթիւնային մթնոլորտին, որուն ահաբեկչական բռնութիւնները կ’ուզէին հրահրել, և որ կը սպառնար կրօնը վերածելու հակամարտութեան գործօնի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը:

Կրօնի հանդէպ վախերն ու մտահոգութիւնները տակաւին կը շարունակուին

Ան ապա նշեց, որ «ահաբեկչութեան, արմատականութեան, սրբութեամբ պատուած ազգայնամոլութիւնը տակաւին կը հրահրեն կրօնի հանդէպ վախերն ու մտահոգութիւններ» նախախնամական նկատելով Համաժողովը, որ առիթ ընձեռեց վերահաստատելու կրօնի իրական և անփոխարինելի էութիւնը:

Քահանայապետը մէջբերեց ապա Համագումարի եզրափակից հռչակագիրէն հատուած մը ուր կը հաստատուի. «ծայրայեղականութիւնը, արմատականութիւնը, ահաբեկչութիւնը և ատելութեան, թշնամանքի, բռնութեան և պատերազմի ցանկացած այլ դրդապատճառ, անկախ անորմէ, թէ ինչ դրդապատճառ կամ նպատակ ունին, որևէ առնչութիւն չունին իսկական կրօնական հոգիին հետ և պէտք է մերժուին հնարաւոր ամենավճռական կերպով (տես թիւ 5), պէտք է զանոնք դատապարտել առանց «եթէ»-ի և առանց «բայց»-ի։

«Աւելին, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, հիմք ընդունելով այն փաստը, որ Ամենակարողը բոլոր մարդիկը ստեղծեց հաւասար՝ անկախ անոնց կրօնական, էթնիկական կամ սոցիալական պատկանելութիւններէն, մենք համաձայնեցանք, որ փոխադարձ յարգանքն ու ըմբռնումը պէտք է համարուին էական և անփոխարինելի կրօնական ուսուցման մէջ (տե՛ս թիւ 13)»:

Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար
Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար

Կրօնի ազատութիւնը

Քահանայապետը, մատնանշեց հուսկ Համագումարը հիւրընկալով երկիր` Ղազախստանին ու անոր հանդիպում վայր ըլլալու կոչումին ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող «կրօնական ազատութեան» իրաւունքին։

«Կաթողիկէ Եկեղեցին երբեք չի յոգնիր հռչակելու իւրաքանչիւր անհատի անձեռնմխելի արժանապատւութիւնը (հմմտ. Ծննդ. 1.26), ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ կը հաւատայ նաեւ մարդկային ընտանիքին միութեան»։ Կը կարծէ, որ «բոլոր ժողովուրդները կը կազմեն մէկ համայնք, ունեն մէկ ծագում, քանի որ Աստուած ստեղծեց ողջ մարդկային ցեղը բնակեցնելու ամբողջ երկրի երեսին վրայ» (CONC. ECUM. VAT. II, Declaration Nostra aetate, 1), ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ, այս է պատճառը, որուն համար Կաթողիկէ Եկեղեցին, կը մասնակցի այս համագումարին, անոր սկիզբէն ի վեր եւ «կ՛ուզէ շարունակել այդ ուղիով»։ «Միջկրօնական երկխօսութեան ուղին խաղաղութեան համար ու խաղաղութեան միասնական ճանապարհ է։ Միջկրօնական երկխօսութիւնը հրատապ եւ անփոխարինելի ծառայութիւն մըն է համայն մարդկութեան համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Մարդն է բոլոր կրօններու ճանապարհը

Շարունակելով իր ճառը Սրբազան Պապը հարց տուաւ «ո՞րն է մեր մերձեցման կէտը» եւ այդ հարցին պատասխանեց՝ յղում կատարելով Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, Ղազախստանի մէջ արտասանած խօսքերուն թէ՝ «Եկեղեցւոյ բոլոր ճանապարհները կը տանին դէպի մարդը», և թէ՝ մարդը «Եկեղեցւոյ ճանապարհն է» (Encyclical letter Redemptor hominis, 14)։ Ասկէ մեկնելով Ան հաստատեց, որ. «մարդը նաև բոլոր կրօններու ճանապարհն է», «Համաճարակէն թուլացած, պատերազմներէ խոնարհուած, անտարբերութիւնէ վիրաւորուած մարդը», «մարդը, դիւրաբեկ եւ սքանչելի արարած», յարեց Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղելով առ աւելիով ուշադրութիւն դարձնել մարդուն քան տնտեսական, ազգային, ռազմավարական ու այլ շահերուն եւ «կարեւոր ու մեծ որոշումներ կայացնելու համար նայիլ մանուկներուն, երիտասարդներուն ու անոնց ապագային, նայիլ տարեցներուն ու անոնց իմաստութեան նայիլ հասարակ մարդոց ու անոնց իսկական կարիքներուն»

Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար
Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար

Աղօթքի ուժը կը պահէ աշխարհը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նշեց նաև, որ ողջ մարդկութեան համար մեծ իմաստութիւններն ու կրօնները կոչուած են վկայելու ընդհանուր հոգևոր և բարոյական ժառանգութեան գոյութեան մասին, որ կը հիմնուի երկու հիմնաքարերու վրայ՝ վերանցականութիւն և եղբայրութիւն:

«Ամէն օր տարբեր տարիքի, մշակոյթներու և սոցիալական պատկանելութեան միլիոնաւոր մարդկանց աղօթքը՝ պաշտամունքի բազմաթիւ վայրերու մէջ, թաքնուած ուժն է, որ կը պահէ աշխարհը: Ինչպէս և եղբայրութիւնը՝ այսինքն միւսը, մօտիկութիւնը, որպէս Արարիչին իսկական հաւատարմութիւն:

Սրբազան Քահանայապետը նշեց, որ ճիշտ այս ոգին է որ կ’արտացոլայ Համաժողովի Հռչակագիրին մէջ և անորմէ առանձնացրեց երեք բառ, երեք մտապատկեր, որոնց վրայ կենտրոնացուց իր եզրափակիչ խօսքը:

Խաղաղութիւն

Հռչակագիրը կը յորդորէ համաշխարհային առաջնորդներուն դադրեցնել հակամարտութիւնները և արիւնահեղութիւնը ամենուր և հրաժարիլ յարձակողական և ապակառուցողական հռետորաբանութենէ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

Խաղաղութիւնը հրատապ է, շարունակեց Ան, բայց անիկա պատերազմի պարզ բացակայութիւնը չէ, ոչ ալ կարող է պակսիլ միայն հակառակորդ ուժերու հաւասարակշռմամբ: Խաղաղութիւնը «կը բխի եղբայրութենէն և կ’ամրապնդուի անարդարութեան և անհաւասարութեան դէմ պայքարի միջոցաւ և կը կառուցուի ուրիշներուն ձեռք մեկնելով»:

Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար
Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար

Կանայք, որպէս խաղաղութեան ուղի

Զարգացնելով իր միտքը Ֆրանչիսկոս շեշտեց, որ խաղաղութիւնը կը բացակայի, ուշադրութեան, քնքշութեան և կեանք ստեղծելու ունակութեան պակասի պատճառաւ, և այդ հարցին մէջ կարևոր համարեց կանանց դերը, զանոնք տարբեր գործընթացներու և պարտականութիւններու մէջ ներգրաւելը, ինչպէս նշուած է հռչակագիրին մէջ, ուր ընդգծուած է անոնց արժանապատւութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը ու անոնց ընկերային «սթաթուսը» բարելաւելը։

«Հարկաւոր է անոնց տալ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ դերեր» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով յանձնառու ըլլալ, որպէսզի անոնք աւելիով յարգուին, ճանչցուին ու ներգրաւուին»

Երիտասարդները՝ այսօրուան և վաղուան միութեան պատգամաւորներ

Քահանայապետին երրորդ մտապատկերը եղան երիտասարդները, զոր որակեց «այսօրուան և վաղուան միութեան պատգամաւորներ»։ Գերիշխանութեան և շահագործման տրամաբանութիւնը, միջոցներու կուտակումը, ազգայնամոլութիւնը, պատերազմները կը տանին հին աշխարհ, զոր երիտասարդները կը մերժեն, քանի որ ան փակ է իրենց երազանքներու ու յոյսերու համար: Նոյնը կը վերաբերի կոշտ ու խեղդող կրօնականութեան, որ ոչ թէ ապագային կը պատկանի, այլ անցեալին, ըսաւ Պապը յղում կատարելով դարձեալ եզրափակիչ հռչակագիրին որուն մէջ շեշտուած է անոնց կրթութեան հնարաւորութիւն երաշխաւորելու կարեւորութիւնը։

Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար
Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու 7-րդ համագումար

«Երիտասարդներուն տանք կրթութեան հնարաւորութիւն, ոչ թէ ոչնչացման զէնքեր։ Ապա ունկնդրենք զանոնք, առանց վախ ունենալու անոնցմէ հարցաքննուելէ ու յատկապէս աշխարհը կառուցենք ` անոնց մասին մտածելով», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որ ճառը աւարտեց Ղազախստանի ժողովուրդը ներկայացնելով որպէս ապագայի օրինակ՝«իր արտասովոր բազմակրօնութեամբ և բազմամշակութայնութեամբ», և յորդորեց «միասին քալել երկրի վրայ՝ որպէս երկնքի զաւակներ, յոյսի հիւսողներ, ներդաշնակութեան արհեստաւորներ, խաղաղութեան և միասնութեան առաքեալներ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2022, 12:04