Որոնել

Tre-arcangeliAEM.jpg

Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետերու տօնը

«Միքայէլ օգնէ մեզի պայքարին մէջ, Գաբրիէլ մեզի բեր բարի լուրը, Ռաֆայէլ մեր ձեռքէն բռնած առաջնորդէ մեզ». (Ֆրանչիսկոս Պապ 9 սեպտեմբեր 2017)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր լատինաց մօտ Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետերու տօնն է։ Անոնք հրեշտակապետերու միջեւ ամենայայտնի հրեշտակներն են որոնց մասին Աստուածաշունչի մէջ կարելի է տեղեկութիւններ գտնել։

Երէկ` Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով տօնին նշեց թէ հրեշտակապետերը մեզ կը տանին Աստուծոյ մաղթելով, որ անոնց տօնը մեր մէջ հրահրէ անկեղծ յարում Աստուծոյ ծրագիրներուն։

Իր Քահանայապետութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը շատ անգամ խրախուսած է ապաւինիլ հրեշտակներուն, որպէսզի մեզ օգնեն սատանային դէմ պայքարին մէջ ու մեզի բերեն բարի լուրերը ու մեզի ընկերանան կեանքի ուղեւորութեան մէջ։

Միքայէլ հրեշտակապետը

«Միքայէլ հրեշտակապետը սատանային դէմ պայքար մղողն է» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, 29 սեպտեմբեր 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, աւելցնելով, որ «Միքայէլ հրեշտակապետը մեզի կ՛օգնէ` դէպի երկինք տանող մեր ուղեւորութեան մէջ, պայքարելու համար ստանային դէմ, որ մեր թշնամին է»

Գաբրիէլը բարի լուր բերող է

Երկրորդ հրեշտակապետը Գաբրիէլն է ` Ան որ բարի լուր կը բերէ, «Ան որ Մարիամին, Զաքարիային ու Յովսէփին բարի լուրը տուաւ»։ «Ան կը բերէ փրկութեան բարի լուրը» ըսած էր Քահանայապետը 2017ի խորհրդածութեան ընթացքին հաստատելով որ «Ան ալ մեր կողքին է ուղեւորութեան ընթացքին» եւ հրաւիրելով Գաբրիէլ հրեշտակապետէն խնդրել, որ մեզի «միշտ բարի լուրեր աւետէ»։

Ռաֆայէլը` ուղեւորութեան ընկեր

Երրորդ հրեշտակապետը, Ռաֆայէլը, Ան է` որ մեզ կ՛օգնէ ուղեւորութեան մէջ։ Անորմէ հայցենք, որ սխալ քայլերու սայթաքումներու մէջ չիյնանք։ Թող մեզ առաջնորդէ բարի ճանապարհին վրայ» ըսած էր Սրբազան Պապը 29 սեպտեմբեր 2017-ին ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2022, 09:00