Որոնել

Shutterstock_10436289bAEM.jpg

Լիբանանը ունի նոր Պապական Նուիրակ` գերապայծառ Փաոլօ Պորճա

56 ամեայ Իտալացի եպիսկոպոսը 2001 կը սկսի պաշտօնավարել Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան մէջ։ Ֆոճճա քաղաքի ծնունդ Գերապայծառ Պորճա Քահանայ ձեռնադրուած է 10 ապրիլ 1999-ին։ Ան աշխատած է տարբեր նուիրակութիւններու մէջ` Կեդրոնական Ափրիկէ, Մեքսիքօ, Իսրայէլ ու նաեւ Լիբանան` 2010ին գործակցելով այդ ժամանակուայ Նուիրակ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչային հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիբանանի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերին անցեալ Յուլիսին նոյն առաքելութեամբ Լիբանանէն` Մեքսիքօ ուղարկուելէն ետքը, Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակի աթոռը մնացած էր թափուր եւ ահա այսօր` շաբաթ 24 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այդ պաշտօնը յանձնեց մինչ օրս Փղոսկրեայ Ափունքի մօտ Պապական նուիրակի պաշտօնով` գերապայծառ Փաոլօ Պորճային։

56 ամեայ Իտալացի եպիսկոպոսը 2001էն սկսած է պաշտօնավարել Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան մէջ։ Ֆոճճա քաղաքի ծնունդ Գերապայծառ Պորճա Քահանայ ձեռնադրուած է 10 ապրիլ 1999-ին։ Ան աշխատած է տարբեր նուիրակութիւններու մէջ` Կեդրոնական Ափրիկէ, Մեքսիքօ, Իսրայէլ ու նաեւ Լիբանան` 2010ին, գործակցելով այդ ժամանակուայ Նուիրակ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչային հետ։

2013ին կը վերադառնայ Հռոմ ու կը պաշտօնավարէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ։ 2019ի սեպտեմբերի 3ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Անոր կը շնորհէ Արքեպիսկոպոսի տիտղոս ու 4 հոկտեմբերին կ՛օծէ եպիսկոպոս, ապա զայն կը նշանակէ Փղոսկրեայ Ափունքի մօտ Առաքելական Նուիրակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2022, 12:56