Որոնել

Առանց աղքատներուն տարուած հոգատարութեան, սիրոյն ու յարգանքին չկայ «Ֆրանչիսկոսի Տնտեսութիւն»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ասսիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ 100է աւելի երիտասարդ տնտեսագէտներու ու գործատէրերու հետ, որոնք այնտեղ ժամանեցին անցեալ 22 սեպտեմբերին, մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ երեք տարիներ առաջ առաջարկուած «The Economy of Francesco» ծրագրին, որ երեք օրերու հանդիպումներու, կլոր սեղաններու, դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու աւարտին այսօր, Քահանայապետին ներկայութեամբ, հասաւ իր աւարտին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի երիտասարդներ, բարի լոյս: Ես այս պահը կը սպասէի աւելի քան երեք տարիէ ի վեր, այն ժամանակէն, երբ 2019 թուականի մայիսի մէկին ձեզի նամակ մը գրեցի, որուն միջոցաւ ձեզ կոչեցի, այնուհետև բերի այստեղ` Ասսիզի: Ձեզմէ շատերուն համար «Ֆրանչիսկոսի տնտեսութեան» հետ հանդիպումը արթնցուց ձեր ներքոյ արդեն գտնուող բան մը: Դուք արդեն յանձնառու էիք ստեղծելու նոր տնտեսութիւն մը. Այդ նամակը ձեզ համախմբեց, աւելի լայն մտահորիզոն տուաւ, ստիպեց ձեզ զգալ մաս` երիտասարդներու համաշխարհային հանրութեան, որոնք ունէին ձեր միեւնոյն կոչումը: Եւ երբ երիտասարդ մը այլ երիտասարդի մը մէջ կը տեսնէ նոյն կոչումը, ապա այդ փորձառութիւնը կը կրկնուի հարիւրաւոր, հազարաւոր այլ երիտասարդներու հետ, եւ հնարաւոր կը դառնան մեծ բաներ, նոյնիսկ յուսալ` փոխել այնպիսի հսկայական և բարդ համակարգ մը, ինչպիսին է համաշխարհային տնտեսութիւնը: Դուք երիտասարդներդ, Աստուծոյ օգնութեամբ գիտէք ընել այդ մէկը, դուք կարող էք ընել զայն; Պատմութեան ընթացքին երիտասարդները այդ մէկը կատարեցին այլ անգամներ»։

Խօսքերն ասոնք, զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղղեց Ասսիզի քաղաքին մէջ համախմբուած երիտասարդ տնտեսագէտներու ու գործատէրերու, որոնք այնտեղ ժամանեցին 100է աւելի երկիրներէ, անցեալ 22 սեպտեմբերին, մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ երեք տարիներ առաջ առաջարկուած «The Economy of Francesco» ծրագրին, որ երեք օրերու հանդիպումներու, կլոր սեղաններու, դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու աւարտին այսօր, Քահանայապետին ներկայութեամբ, կը հասնի իր աւարտին։

Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը
Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը

Երկրին ու խաղաղութեան բարեկամ տնտեսութիւն

«Դուք ձեր երիտասարդութիւնը կ՛ ապրիք դժուար ժամանակներու մէջ. բնապահպանական ճգնաժամը, համաճարակը և այժմ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը եւ այլ պատերազմները, որոնք տարիներէ ի վեր կը շարունակուին տարբեր երկիրներու մէջ, կը նշանաւորեն ձեր կեանքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով «Մեր սերունդը ձեզի շատ հարստութիւններ կտակեց, բայց չի կարողացանք պաշտպանել մոլորակը և չենք պահպաներ խաղաղութիւնը»։

Մարգարէութիւնը

«Դուք կոչուած էք դառնալու հասարակաց տան արհեստաւորներն ու շինարարները։ Հասարակաց տուն մը` որ «կը քանդուի»։ Նոր տնտեսութիւն մը, որը ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին, այսօր կարող է և պէտք է ըլլայ երկրին բարեկամ ու խաղաղութեան տնտեսութիւն» յարեց Սրբազան Պապը գնահատանք արտայայտելով Ասսիզիի այս հաւաքը մարգարէութեան վրայ կաղապարելու ընտրութեան համար, այս առնչութեամբ ակնարկելով, որ «Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին կեանքը եւս, Անոր դարձէն ետքը, եղած է մարգարէութիւն եւ կը շարունակէ այդպէս ըլլալ նաեւ մեր ապրած ժամանակներուն մէջ»։

Քահանայապետը ապա ներկայացուց Աստուածաշունչի երիտասարդ մարգարէներ օրինակները. Դանիէլը, Երեմեան, Եզեկիէլն ու այլք ապա նշեց թէ «երբ քաղաքացիական ընկերութեան եւ ձեռնարկութիւններուն մէջ կը պակսին երիտասարդներուն կարողութիւնները` համայն ընկերութիւնը կը թառամի։ Կը պակսի ստեղծագործութիւնը, լաւատեսութիւնը, խանդավառութիւնը եւ ընկերութիւն մը` ու տնտեսութիւն մը առանց երիտասարդներու տխուր, յոռետես եւ անպարկեշտ ընկերութիւն ու տնտեսութիւնը մըն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, փառք տալով Աստուծոյ, որ տակաւին կան երիտասարդ ուժեր ու պիտի շարունակեն ըլլալ նաեւ ապագային մէջ։

Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը
Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը

Բնապահպանական դարձի հրատապութիւնը

«Մարգարէական չափանիշէն ներշնչուած տնտեսութիւն մը այսօր կ՛արտայայտուի բնապահպանութեան ու երկրին հայող նոր տեսութեան մը մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով «բնապահպանական դարձի կարեւորութեան» ու այդ ուղիով ընթանալու հարկաւորութեան, «որովհետեւ կացութիւնը այնքան մտահոգիչ է. որ կարելի չէ սպասել յաջորդ միջազգային համաժողովին գումարումը»։

«Երկիրը հրկիզուած է այսօր եւ այսօր է, որ պէտք է փոխուինք» ահազանգեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով դաս քաղել բոյսերէն, որոնք խոնարհութեամբ ու լռութեամբ կը սատարեն կենսաբազմազանութեան աճումին, այս ծիրէն ներս քննադատելով երկու դարերու ընթացքին մարդկութեան ապրելակերպը, որ «կողոպտեց» երկրին հարստութիւնները` սեփական բարօրութեան համար։

«Այս է ժամանակը նոր խիզախութեան, հրաժարելու հանածոյ ուժանիւթի աղբիւրներէն, զրոյական կամ դրական ազդեցութեան աղբիւրներու զարգացումն արագացնելու համար» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով «վերականգնելու վնասները», նոյնիսկ դիմելով «զոհողութիւններու», ապա թէ ոչ անոր սուղ ու անարդար գինը պիտի վճարեն մեր զաւակներն ու մեր թոռնիկները։

Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը
Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը

Արագ ու վճռական փոփոխութիւն

«Հարկաւոր է արագ ու վճռական փոփոխութիւն։ Ձեր վրայ կը վստահիմ։ Մեզ հանգիստ մի թողուք ու մեզի օրինակ եղէք» ըսաւ Սրբազան Պապը երիտասարդներուն, խօսքը կեդրոնացնելով կայունութեան ու անոր բազմաչափ իրականութեան` բնապահպանական, ընկերային, փոխյարաբերութեան ու հոգեւոր իրականութեան վրայ։

Ընկերային կայունութիւնը

«Ընկերայինը արդեն սկսած է ճանչցուիլ ու սկսած ենք հասկնալ, որ աղքատի ճիչը և երկրի աղաղակը նոյն ճիչն են (cfr Enc. Laudato si’, 49)» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` թէ «մինչ կը փորձենք մարդը փրկել չենք կրնար անտեսել անոնք որոնք կը տառապին», որովհետեւ «նոյնիսկ անարդարութիւնը սպաննող ապականութիւն է»։

Փոխյարաբերութիւններու անկայունութիւնը

Ակնարկելով յարաբերութիւններու անկայունութեան Սրբազան Պապը դիտել տուաւ թէ շատ մը երկիրներու մէջ այդ մէկը կը նուազի ու ընկերութիւնները միշտ աւելիով դիւրաբեկ ու մասնատուած կը դառնան, ու ընտանիքը կ՛ապրի ծանր ճգնաժամ մը, ու անոր հետ միասին նաեւ հիւրընկալութիւնը եւ կեանքի պաշտպանութիւնը։

«Ներկայ սպառողականութիւնը կը փորձէ լեցնել դատարկը, որ կայ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, միշտ աւելի բարդ ապրանքներով ստեղծելով երջանկութեան ծարաւ մը» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ հոգեւոր անկայունութեան։

Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը
Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը

Հոգեւոր անկայունութիւնը

«Մարդ արարածը ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն, բարիքներ որոնող ըլլալէն առաջ իմաստի որոնող է» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ առանց հոգեւոր դրամագլուխին, «մարդիկը ու մասնաւորապէս երիտասարդները կը տառապին հոգեւորի եւ իմաստի պակասէն» ու ցաւի եւ կեանքի անվստահութիւններուն դիմաց կը բացայայտեն հոգեւոր կենսամիջոցներէ աղքատացած հոգի մը... ու բազմաթիւ երիտասարդներու դիւրաբեկութիւնը յառաջ կու գայ այդ հոգեւոր թանկարժէք դրամագլուխի պակասէն, յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հրատապ նկատելով «վերակառուցել հիմնական հոգեւոր ժառանգութիւնը»։

«Արուեստը շատ բան կարող է ընել. Մեզի կը սորվեցնէ «ինչ»-ը և «ինչպէս»-ը, բայց մեզի չըսեր «ինչու»-ն. և այդպիսով մեր գործողութիւնները կը դառնան անպտուղ և չեն լեցներ կեանքը, նոյնիսկ տնտեսական կեանքը»։

Աղքատները փոփոխութեան դերակատար

«Գտնուելով Ֆրանչիսկսին քաղաքը չեմ կրնար չի խօսիլ աղքատութեան մասին» ըսաւ ապա Քահանայապետը շեշտելով որ Ֆրանչիսկոսին ներշնչուած տնտեսութիւն մը կը նշանակէ յանձնառու ըլլալ աղքատները ընտրելու որպէս կեդրոն։ Առանց աղքատներուն հոգատարութեան, սիրոյն, յարգանքին չկայ «Ֆրանչիսկոսի Տնտեսութիւն», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ մինչեւ այն ժամանակ, որ մեր համակարգը «մնացորդներ» պիտի արտադրէ մենք մեղսակից պիտի ըլլանք սպանող տնտեսութեան մը։

Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը
Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը

«Աղքատներէն մեկնելով է` որ պէտք է նայինք տնտեսութեան եւ աշխարհին» հաստատեց Սրբազան Պապը շեշտելով թէ «պէտք է նաեւ աշխատիլ աղքատներուն հետ ու աղքատներուն համար»։ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը արդարեւ կը սիրեր աղքատները եւ չէր անարգեր անոնց աղքատութիւնը։ Իսկ մեր դրամատիրութիւնը կ՛ուզէ աղքատներուն օգնել սակայն չի յարգեր զանոնք, չի հասկնար յարակարծային «երանի աղքատներուն» երանութիւնը։ Մենք պէտք չէ սիրենք թշուառութիւնը, աւելին պէտք է պայքարինք անոր դէմ, ամէնէն առաջ աշխատանք ստեղծելով, արժանավայել աշխատանք։ Բայց Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ` թէ կարելի չէ թշուառութեան դէմ պայքարիլ առանց աղքատներու յարգանքին։ Եւ ահա այստեղէն է, որ պէտք է մեկնինք բնակելով Ֆրանչիսկոսի այս աւետարանական յարակարծութիւնները» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը երիտասարդներուն թողելով երեք ցուցմունքներ.

Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն թողած երեք ցուցմունքները

Առաջինը «Աշխարհը դիտել աղքատներուն աչքերով»։ «Այս ընելու համար պէտք է նախ եւ առաջ ճանչնալ զանոնք, անոնց դառնալ բարեկամ։ Հաւատացէք ինծի, եթէ աղքատներուն բարեկամ դառնաք, եթէ կիսէք անոնց կեանքը, պիտի բաժնեկցիք նաեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ այլ բան, որովհետեւ Յիսուս ըսաւ թէ անոնցն է Երկնքի Արքայութիւնը եւ ասոր համար է, որ անոնք երանի են», յարեց հուսկ Սրբազան Պապը. յորդորելով ներկաներուն, որ իրենց առօրեայի ընտրանքները «մնացորդներ, թափօններ» չարտադրեն։

Երկրորդ ցուցմունքը` չի մոռնալ աշխատանք ստեղծել ու չի մոռնալ աշխատաւորները։ «Աշխատանքը ժամանակակից մարտահրաւէրն է ու ան աւելիով պիտի դառնայ վաղուան մարտահրաւէրը։ Առանց արժանավայել ու լաւ վարձատրուած աշխատանքի երիտասարդները կարող չեն իսկապէս մեծահասակ դառնան եւ անարդարութիւնները կ՛աճին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա ակնարկեց երրորդ ցուցմունքին` այն է մարմնացումը։

Գաղափարները, իղձերը, աժէքները պէտք է դառնան շօշափելի գործեր, եւ սրտին ու գլուխին հետ միասին հարկաւոր է օգտագործել նաւ ձեռքերը։

«Գաղափարները անհրաժեշտ են, մեզ կը ներքաշեն բայց կարող են վերածուիլ թակարդներու եթէ անոնք «չի մարմնանան», այսինքն գործնականութիւն, առօրեայի յանձնառում չի դառնան։ Եկեղեցին մշտապէս մերժեց գնոստիկեան փորձութիւնը, որ կը կարծէ աշխարհը փոխել միայն տարբեր գիտելիքներով, առանց մարմնի յոգնածութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ իր ճառը աւարտեց աղօթքով` բոլոր ներկաներուն ու անոնց ծրագիրներուն վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները։

Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը
Ասսիզիի մէջ գումարուած «The Economy of Francesco» ծրագիրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2022, 11:20