Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մարզանքը բացառիկ դաշնակիցն է խաղաղութեան կառուցման մէջ»։

Եկեղեցին նեցուկ է մարզանքին, որովհետեւ կը հաւատայ խաղին եւ մարզական գործունէութիւններուն՝ իբրեւ անձերու միջեւ հանդիպումի վայր

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 30 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց. Աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի գերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած «Մարզանքը բոլորին համար, համատեղելի, ընդունելի եւ պատշաճ իւրաքանչիւր անձին համար» բնաբանով միջազգային վեհաժողովին մասնակիցները, ընկերակցութեամբ կարդինալ Քեվին Ֆարելին։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած մարզական կազմակերպութիւններուն, կրօնական եւ քաղաքացիական հաստատութիւններուն ներկայացուցիչները, բարձր գնահատեց անոնց ազնիւ դրդապատճառը, որ է յանձնառու դառնալ խթանելու բոլորին համար համատեղելի, ընդունելի իւրաքանչիւր անձի պատշաճ մարզանք մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ «եկեղեցին նեցուկ է մարզանքին, որովհետեւ կը հաւատայ խաղին եւ մարզական գործունէութիւններուն՝ իբրեւ անձերու միջեւ հանդիպումի վայր» աւելցնելով, որ «երբ մարզանքը կիրարկուած է անձերը կեդրոն զետեղելով ու արժէքաւորելով միասնաբար խաղալու հաճոյքը, իւրաքանչիւրին մէջ աճեցուցած կ՝ըլլայ մասնակցութեան, բաժնեկցութեան իմաստը ու զգալ կու տայ խումբի մը անդամ»։

Մարզանքը հասարակութիւն կը ստեղծէ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ ինչպէս անդամները մարմինին մը մաս կը կազմեն, այնպէս խաղցողները խումբ մը կը կազմեն ու անձերը հասարակութիւն մը շեշտելով, որ այսօր խաղաղութեան մշակոյթ մը աճեցնելու կարիքը ունինք, սկսեալ առօրեայ միջ անձնական յարաբերութիւններէ՝ հասնելու համար ժողովուրդներուն եւ ազգերու միջեւ։ Եթէ մարզանքի աշխարհը միասնութիւն եւ համախմբութիւն հաղորդէ անիկա կրնայ բացառիկ դաշնակից դառնալ խաղաղութեան կառուցման մէջ։» նշեց Սրբազան Հայրը։ Ան ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդ մարզիկներուն, խնդրեց, որ անոնք որպէս մարզիկներ օգնեն դիմագրաւելու համար մնացորդացի մշակոյթը, կրթական եւ ընկերային պատասխանատուութեան իմաստով։

«Քանի անձեր, որոնք կը գտնուէին ընկերութեան եզրին, անոնք յաղթահարեցին մեկուսացումն ու բացառումը մարզանքի միջոցաւ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մարզանքը հասանելի դարձնել բոլորին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա նկատել տուաւ որ պատասխանատուութիւն ունինք մարզանքը հասանելի դարձնելու բոլորին։ Պէտք է վերացնել ֆիզիքական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական պատնէշները, որոնք կը բացառեն կամ կը խոչնդոտեն մարզանքի հասանելիութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով մարզանքի վեհաժողովին մասնակիցները գործելու, որպէսզի մարզանքը բոլորին տուն դառնայ, բաց եւ հիւրընկալ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը յայտնեց սոյն առաքելութեան, ապահովուելով նաեւ եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը, կրթական եւ ընկերային մարզերէն ներս։

Ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ներկաներու ու անոնց բոլոր հարազատներուն ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2022, 16:26