Որոնել

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց նաեւ աղօթել Վատիկանի ոստիկանութեան անդամներուն համար, որոնց պաշտպան սուրբն է Միքայէլ հրեշտակապետը, հրաւիրելով Վատիկանի ոստիկանները, հետեւելու Սուրբ հրեշտակապետի օրինակին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով հրապարակը գտնուող Իտալացի եւ օտարերկրեայ հաւատացեալները, Իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունեց Փարեթէ եւ Պաթիպա ժողովրդապետութիւններու հաւատացեալները, հուսկ կոչ ուղղեց աղօթելու Ուքրանիոյ տառապող ժողովուրդին համար։

Աղօթել Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար

«Իմ միտքս կ՝երթայ մարտիրոսացած Ուքրանիոյ, որ շատ կը տառապի, այն խեղճ մարդիկը, որ դաժանօրէն կը տառապին», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «Այս առաւօտ կրցայ խօսիլ Կարդինալ Քրայեվսքիին հետ, որ վերադարձաւ Ուքրանիայէն ու ինծի պատմեց սարսափելի բաներ» եւ ասկէ մեկնելով խրախուսեց մտածել Ուքրանիոյ մասին եւ աղօթել այդ մարտիրոսացած ժողովուրդին համար։

Ողջոյնի խօսք երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ապա սովորութեան համաձայն յիշեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները, մաղթելով, որ Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետները, որոնց տօնը պիտի նշուի վաղը, անոնց մէջ հրահրէ անկեղծ հաւատարմութիւն Աստուածային ծրագիրներուն ու հետեւին եւ ճանչնան ներքին Վարդապետը, որ կը խօսի խիղճին գաղտնիքին ներքեւ։

Աղօթք Վատիկանի ոստիկաններուն համար

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց աղօթել Վատիկանի ոստիկանութեան անդամներուն համար, որոնց պաշտպան սուրբն է Միքայէլ հրեշտակապետը, հրաւիրելով Վատիկանի ոստիկանները, հետեւելու Սուրբ հրեշտակապետի օրինակին։

Նորին Սրբութիւնը ապա Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով ոստիկաններուն վրայ՝ անոնց կատարած բոլոր բարի գործերուն համար, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2022, 10:46