Որոնել

Վատիկան Վատիկան 

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ երկու կիներու բարձր պաշտօն նշանակեց

Ֆրանչիսկոս Պապ երկու կիներու պատասխանատու նշանակեց Հռոմի Քուրիայի կապուած հաստատութիւններէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի Քուրիայի ու անոր կապուած հաստատութիւններուն մէջ կ՝աճի պատասխանատու կիներուն թիւը։

Ուրբաթ, 25 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ երկու կիներու պատասխանատու նշանակեց Հռոմի Քուրիայի կապուած հաստատութիւններէն ներս։

Արդարեւ ՝ Սրբազան Հայրը վերանորոգելով Քահանայապետական սուրբ հնագիտութեան յանձնախումբի անձնակազմը նախագահ նշանակեց գերապայծառ Փասքուալէ Իաքոպոնէն,իսկ քարտուղարութեան պաշտօնը յանձնեց տիկին Ռաֆայէլլա Ճուլիանին, որ մինչեւ այսօր յանձնախումբին անձնակազմին մաս կը կազմէր։ Տիկին Ռաֆաէլլա ամուսնացած է եւ հեղինակ գետնադամբաններուն յօդուածներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կրթութեան եւ մշակոյթին վերատեսչութեան ենթաքարտուղար նշանակեց Տիկին Անթոնելլա Շիառոնէ Ալիպրանտին, որ Կաթողիկէ Սուրբ Սիրտ համալսարանին, համանախագահի փոխանորդ է ինչպէս նաեւ դրամատուներուն գիտութիւններուն համալսարանի մէջ տնտեսական իրաւունքի դասախօս ։ Տիկին Անթոնելլա Շիառոնէ Ալիպրանտին, նախագահն է նաեւ տնտեսական իրաւունքի դասախօսներուն ընկերակցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2022, 13:40