Որոնել

POPE-BENEDICT/

Մոգերուն տրուած պարգեւները` կոչում, զատորոշում, զարմանք. 6 Յունուարի Մարեմեան աղօթքը։

Մարդկայնօրէն մենք մղուած ենք որոնելու մեծութիւնը, բայց զայն իսկապէս գտնելը պարգեւ մըն է, պարգեւ է գիտնալ մեծութիւնը գտնել Աստուծոյ փոքրութեան մէջ։ Տէրը արդարեւ կը գտնուի հեզութեան, լռութեան, պաշտամունքի, փոքրերու եւ աղքատներու մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` գացին Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրորդը` խունկ եւ երրորդը` զմուռս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմռսէին։

Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Ֆրանչիկսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ նախագահեց Կարդինալ Թակլէին մատուցած հանդիսաւոր սուրբ պատարագին, ապա կէսօրին` իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց Աստուածայայտնութեան տօնին նուիրուած մտածականը մեկնելով Մոգերու դրուագէն։

Մոգերը եւ նուէրները

«Այսօր Աստուածայայտնութեան տօնին օրը Աւետարանը մեզի կը խօսի Մոգերու մասին որոնք Բեթղեհէմ հասնելով Յիսուսին կը նուիրեն` ոսկի խունկ եւ զմուռս (Մատթ. 2,11)» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան դիտել տալով սակայն, որ «այս Արեւելքի իմաստունները իրենց կարգին ընդունեցան երեք թանկարժէք նուէրներ` որոնք կը հային նաեւ մեզի»։

Կոչում

«Անոնցմէ առաջինը կոչին պարգեւն է» յարեց Սրբազան Պապը, դիտել տալով, թէ ինչպէս անոնք այդ մէկը ընկալեցին մինչ կ՜ուսումնասիրէին աստղերը։ Այս մէկը մեզի կ՜ըսէ, որ Աստուած կը կոչէ մեր ձգտումներուն ու մեր ամենամեծ փափաքներուն միջոցաւ։ Մոգերը հմայուած աստղի նորութեամբ ուղեւորութեան մէջ դրին իրենք զիրենք, զգացին կոչումը երթալու աւելի անդին։ Այս մէկը կարեւոր է նաեւ մեզի համար, կոչուած ենք չի գոհանալու, Տէրը որոնելու դուրս ելլելով մեր հանգստութիւններէն, քալելով դէպի Տէրը ու միւսները, մխրճուելով իրականութեան մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Զատորոշում

Երկրորդ պարգեւը զատորոշումն է։ Տրուած ըլլալով, որ անոնք Թագաւոր մը կը փնտռէին Երուսաղէմ կ՛երթան Հերովդէս Թագաւորին հետ խօսելու համար, որ սակայն իշխանութեան ծարաւ ունեցող մարդ մը ըլլալով կ՛ուզէր զանոնք շահագործել ոչնչացնելու համար մանուկ Մեսիան։ Բայց Մոգերը չի խաբուեցան անորմէ։ Անոնք գիտէին զանազանութիւն ընել նպատակին ու փորձութիւններուն միջեւ։ Եւ լքելով պալատը ուրիշ ճամբայ մը առին։ Մեզի համար ալ կարեւոր է գիտնալ զանազանել կեանքի նպատակը ուղեւորութեան սայթաքումներէն։ Գիտնալ հրաժարիլ հրապուրող բաներէն, որոնք դէպի սխալ ճամբայ կ՛առաջնորդեն, հասկնալու եւ ընտրելու համար Աստուծոյ ուղին։ «Զատորոշումը մեծ պարգեւ մըն է եւ երբեք պէտք չէ յոգնինք այս շնորհքը հայցելու աղօթքով» ըսաւ Քահանայապետը եւ ակնարկեց երրորդ պարգեւին` զարմանքը։

Զարմանք

Երկար ճանապարհորդութենէ մը ետք այս ընկերային բարձր դասակարգի պատկանող մարդիկը կը գտնեն մանուկ մը իր մօրը հետ...անոնք չեն տեսներ հրեշտակներ, այլ կը հանդիպին Աստուծոյ, աղքատութեան մէջ։ Բայց եւ այնպէս կ՜ընկալեն Աստուծոյ անակնկալը եւ զարմանքով կ՜ապրին Անոր հետ հանդիպումը` պաշտելով զԱյն։ Փոքրութեան մէջ անոնք կը ճանչնան Աստուծոյ դիմագիծը։ Մարդկայնօրէն մենք մղուած ենք որոնելու մեծութիւնը, բայց զայն իսկապէս գտնելը պարգեւ մըն է, պարգեւ է գիտնալ մեծութիւնը գտնել Աստուծոյ փոքրութեան մէջ։ Տէրը արդարեւ կը գտնուի հեզութեան, լռութեան, պաշտամունքի, փոքրերու եւ աղքատներու մէջ։

Բոլորս կանչուած ենք Յիսուսէն, բոլորս կրնանք զատորոշել անոր ներկայութիւնը բոլորս կարող ենք փորձարկել անոր անակնկալները։ Այսօր լաւ պիտի ըլլար մտածել այս պարգեւներու մասին, զոր ընդունեցանք, վերամտածել այն պահին երբ մեր կեանքին մէջ զգացինք Աստուծոյ կոչումը, եւ կամ մի գուցէ շատ ջանքեր դափելէ ետքը մենք կարողացանք զատորոշել անոր ձայնը։ «Թող` որ Տիրամայրը մեզ օգնէ յիշելու եւ պահպանելու այս ընկալուած շնորհքները» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

06/01/2023, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >