Որոնել

«Ձերբազատուինք կաշկանդումներէ ու որդեգրենք ծառայութեան հոգին». Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

«Ձերբազատիլ անձնական եսի կաշկանդումներէն, որպէսզի մէկդի դնենք մենք զմեզ, դժուար բայց շատ կարեւոր բան է. Ասիկայ հիմնական քայլն է աճելու ծառայութեան հոգիին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը Հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու եթէ կարող ենք տեղ տալ ուրիշներուն, եթէ կարող ենք զանոնք ունկնդրել, ազատ լքել, եթէ կարող ենք միւսները քաշել Յիսուսին եւ աւելին` եթէ Սուրբ Յովհաննէսի օրինակով մենք գիտենք ուրախանալ այն մարդոց համար, որոնք իրենց ճանապարհը կը գտնեն նոյնիսկ եթէ այդ մէկը մեզի համար բաժանում կը սեպուի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 Յունուարի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը, ըստ աւանդութեան, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Յովհաննէս Կարապետին վկայութեան մասին։

Սուրբ Յովհաննէս Կարապետին վկայութիւնը

«Այսօրուան Աւետարանը (Յովհ. 1,29-34), մեզի կը փոխանցէ Յովհաննէս Կարապետին վկայութիւնը Յիսուսին մասին, Յորդանան գետին մէջ զայն մկրտելէն ետքը. Ան կ՛ըսէ. «Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Իմ ետեւէս մարդ մը կու գայ, որ ինձմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինձմէ առաջ էր»։

«Այս յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ Յովհաննէսի ծառայութեան հոգին. Ան ղրկուած էր պատրաստելու Մեսիային ճանապարհը եւ այդ մէկը կատարեց ինքզինք չխնայելով», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան սկիզբը, դիտել տալով, թէ «Մարդկային գետնի վրայ կարելի է մտածել թէ ան արժանի էր «պարգեւատրումի», Յիսուսին հանրային կեանքին մէջ կարեւոր մէկ դիրքի»։

Մէկդի դնել մենք զմեզ

«Բայց Յովհաննէս իր առաքելութիւնը կատարելէն ետքը գիտէ ինքզինք մէկդի դնել, մարգարէ ըլլալէն ետքը կը դառնայ աշակերտ, ու տեղ կու տայ Յիսուսին։ Ան բազմաթիւ տարիներ քարոզելէ ետք, ու աշակերտներ իր շուրջը համախմբելէ ու զանոնք կազմաւորելէ ետքը ոչ մէկը իրեն կը կապէ» յարեց Նորին Սրբութիւնը այս մէկը նկատելով «դժուար բան մը», բայց «իսկական դաստիարակի մը յատկանիշը»։

«Յովհաննէս իր աշակերտները կը դնէ Յիսուսին հետքերուն վրայ։ Հետաքրքրուած չէ յաջողութիւններով ու երեւնալու իղձով։ Ան իր վկայութիւնը կու տայ ապա ետքայլ մը կ՛ընէ, որպէսզի շատեր ուրախութիւնն ունենան հանդիպելու Յիսուսին»։

Ծառայութեան հոգին` ձրիութիւնը

«Այս ծառատութեան հոգիով եւ տեղ տալու կարողութեամբ Յովհաննէս Մկրտիչ մեզի կը սորվեցնէ շատ կարեւոր բան մը. Կաշկանդումներէ ձերբազատումը» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «դիւրին է կապուիլ պաշտօններու եւ դիրքերու, յարգուիլ, ճանչցուիլ եւ պարգեւատրուիլ»։

«Այս մէկը թէեւ բնական է բայց լաւ բան մը չէ» աւելցուց Ան, «որովհետեւ ծառայութիւնը կը պահանջէ ձրիութիւն, ուրիշներուն խնամք տանիլ առանց երկրորդական նպատակներու։ Մեզի համար ալ լաւ պիտի ըլլար Յովհաննէսի նման մշակել մենք մեզ մէկդի դնելու առաքինութիւնը, վկայելով թէ կեանքին նպատակակէտը Յիսուսին է», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով մտածել, թէ «որքանով այս մէկը կարեւոր է քահանայի մը համար, որ կանչուած է քարոզելու եւ արարողութիւնները գլխաւորելու, ոչ թէ դերակատարութեան կամ շահի համար, այլ միւսները Յիսուսին առաջնորդելու համար»։

Ձերբազատիլ անձնական եսի կաշկանդումներէն

«Մտածենք որքան կարեւոր է այս մէկը ծնողներուն` որոնք իրենց զաւակները կը մեծցնեն մեծ զոհողութիւններով ապա զանոնք ազատ պէտք է թողուն, որպէսզի իրենց կեանքի ճանապարհի վրայէն քալեն, աշխատանքի եւ ամուսնական կեանքին մէջ», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը «գեղեցիկ եւ ադար» համարելով, որ «ծնողները շարունակեն իրենց ներկայութիւնը ապահովել իրենց զաւակներուն, զանոնք միայնակ չթողելով», բայց դիտել տալով, որ «այդ մէկը պէտք է ընեն հայեցողութեամբ, առանց ներխուժելու անոնց կեանքին մէջ»։

«Ձերբազատիլ անձնական եսի կաշկանդումներէն, որպէսզի մէկդի դնենք մենք զմեզ դժուար բայց շատ կարեւոր բան է. Ասիկայ հիմնական քայլն է աճելու ծառայութեան հոգիին մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը Հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու եթէ կարող ենք տեղ տալ ուրիշներուն, եթէ կարող ենք զանոնք ունկնդրել, ազատ լքել, եթէ կարող ենք միւսները քաշել Յիսուսին եւ աւելին` եթէ Սուրբ Յովհաննէսի օրինակով մենք գիտենք ուրախանալ այն մարդոց համար, որոնք իրենց ճանապարհը կը գտնեն նոյնիսկ եթէ այդ մէկը մեզի համար բաժանում կը սեպուի։

Աղերս առ Սուրբ Կոյս Մարիամ

«Մարիամը` Տիրոջ աղախինը, թող մեզի օգնէ ըլլալու ազատ կաշկանդումներէ, որպէսզի տեղ բանանք Տիրոջ ու տարածք տրամադրենք ուրիշներուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն հետ միասին աղօթելով Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2023, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >