Որոնել

Աստուծոյ ծառաներ եւ աղախիններ Աստուծոյ ծառաներ եւ աղախիններ 

Եկեղեցին ունեցաւ նոր Աստուծոյ ծառաներ ու աղախիններ։

Ֆրանչիկսոս Պապ արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու նոր Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններու հերոսական առաքինութեան հրամանագիրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 19 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունելով սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի վերատեսչութեան նոր Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններուն հերոսական առաքինութիւններուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Աստուծոյ ծառայ Միկէլ Քոսթա Լլոպերա։ Ան ծնած է Սպանիա՝ 10 մարտ 1954ին, եւ վախճանած է 16 հոկտեմբեր 1922ին

Աստուծոյ ծառայ Կաէթանօ ֆրանչեսքօ Մաուրօ։ Ան ծնած է 13 ապրիլ 1888ին, Իտալիա։ Վախճանած է 31 դետկեմբեր 1969ին։

Աստուծոյ ծառայ Ճովաննի Պարա։ Հայր Հովաննի ծնած է 13 յունուար 1914ին, Իտալիա եւ մահացած է 28 յունուար 1975ին։

Աստուծոյ ծառայ հայր Վիչենթէ Լոփեզ Տէ Ուրալտէ Լազքանօ։ Ան ծնած է Սպանիա 22 յունուար 1984ին եւ վախճանած է 15 սեպտեմբեր 1990ին։

Աստուծոյ ծառայ Մարիա Մարկերիթա Տիոմիրա Տէլ Վերպօ Ինքարնաթօ։ Աւազանի անունով Մարիա Ալլեկրի, ծնած է Իտալիա 26 ապրիլ 1651ին։ Իբրեւ կրօնաւորուհին անդամ էր Եղբայրսիրութեան մէջ Բարի հովիւ»միաբանութեան։ Վախճանածէ 17 դեկտեմբեր, 1677ին ։

Աստուծոյ աղախին Պերթիլլա Անթոնիացի։ Աշխարական հաւատացեալ քոյր Պերթիլլա ծնած է Իտալիա 10 նոյեմբեր 1944ին ու մահացած է 22 հոկտեմբեր 1964ին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2023, 12:02