Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ֆինլանտայէն Հռոմ ժամանած  համամիութենական մէկ պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ֆինլանտայէն Հռոմ ժամանած համամիութենական մէկ պատուիրակութիւնը  (Vatican Media)

«Կոչուած ենք հաշտուելու մեր միջեւ եւ աշխարհի մէջ ըլլալու հաշտութեան գործիչներ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ընդունելով Ֆինլանտայէն Հռոմ ժամանած համամիութենական մէկ պատուիրակութիւնը Քահանայապետը հրաւիրեց ունենալ աւետարանութեան բուռն եռանդ, որովհետեւ «միասին հռչակելով է` որ մենք մեզ կը վերագտնենք եղբայրներ եւ քոյրեր», ըսաւ Ան աւելցնելով, թէ պէտք է նաեւ գիտակից ըլլալ թէ «կարելի չէ Յիսուսին անունը տարածել, առանց վկայելու միութեան գեղեցկութիւնը, որ Անոր աշակերտները բնորոշող նշանն է»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 19 Յունուար 2023-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց՝ Սուրբ Էնրիկոսի տօնին առթիւ ուխտագնացութեամբ Ֆինլանտայէն Հռոմ ժամանած համամիութենական մէկ պատուիրակութիւնը, կազմուած Լուտերական, կաթողիկէ, օրթոտոքս ու մեթոտիստ եկեղեցիներու անդամներէ։

Իրարու միջեւ եղբայրներ եւ քոյրեր

Ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնելով հանդիպումին համար խօսեցաւ ջուրի եւ մկրտութեան միջոցաւ հաշտութեան խորհուրդի մասին, ակնարկելով վերջերս յիշատակուած Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին, որով, ըսաւ Ան, Քրիստոսը սկիզբ տուաւ իր հանրային կեանքին, «մխրճուելով մեր մարդկային պայմաններուն մէջ»։ Եւ «մենք որպէս մկրտեալներ, շնորհքի միջոցաւ, կոչուած ենք Աստուծոյ որդիներ եւ իրարու մէջ եղբայրներ եւ քոյրեր» յարեց Սրբազան Պապը։

Հաշտուած Աստուծոյ եւ միւսներուն հետ

«Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով մեր գոյութիւնը հաշտուած է Աստուծոյ եւ միւսներուն հետ, նաեւ արարչագործութեան հետ» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով, որ կոչուած ենք նաեւ մեր կարգին հաշտուելու մեր միջեւ եւ «աշխարհին մէջ ըլլալու հաշտութեան գործիչներ»։

Միասին քալել Տիրոջ կամքին համաձայն

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթուան ընթացքին համամիութենական աղօթքներուն ու այս տարուայ բնաբանին «սորվեցէք բարիք ընել, փնտռեցէք արդարութիւնը», հաստատելով որ, որպէս հաւատքի մէջ վկաները Քրիստոսի, որ մխրճուեցաւ մեր մարդկային պայմանի դիւրաբեկութեան մէջ, մենք ալ պարտաւոր ենք մխրճուիլ կարիքաւորներու վէրքերուն մէջ։ «Եւ այս մէկը ընելու ենք միասնաբար». հաստատեց Ան, շեշտելով քրիստոնեաներու միջեւ միութեան կարեւորութիւնը ու միասին քալելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ապա ակնարկեց Սուրբ Էնրիկոսին` հաւատքի վկայ, յոյսի պատգամաւոր եւ սիրոյ գործիք, ու միւս բոլոր սուրբերուն ու հաւատացեալներուն, որոնք Երկինքէն մեզ կը դիտեն ու մեզ կը հրաւիրեն քալելու միասին `«Տիրոջ կամքին համաձայն»։

Վկայել միութեան գեղեցկութիւնը

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը հրաւիրեց սնուցել հաղորդութեան սիրոյն յատկացուած գորով մը, որ շրջանցէ քրիստոնեաներու միջեւ պատմական բաժանումները, որոնք այնքան վիրաւորանք հասցուցին Քրիստոսի Մարմնին։ Ան ապա հրաւիրեց ունենալ աւետարանութեան բուռն եռանդ, որովհետեւ «միասին հռչակելով է` որ մենք մեզ կը վերագտնենք եղբայրներ եւ քոյրեր», աւելցնելով, թէ պէտք է նաեւ գիտակից ըլլալ, թէ «կարելի չէ Յիսուսին անունը տարածել, առանց վկայելու միութեան գեղեցկութիւնը, որ Անոր աշակերտները բնորոշող նշանն է»։

«Հայր Մեր»ի միասնական աղօթքը

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը հրաւիրեց միասին հայցելու առաքելական նորոգուած եռանդին պարգեւը, որով այլ հաւացեալներուն մէջ վերագտնենք Քրիստոսի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը, եւ որպէսզի մենք մեզ զգանք` որպէս Աստուծոյ հետ հաշտուած առաքեալներ, հաշտուելու համար մենք մեր միջև և դառնալու հաշտութեան ճարտարապետները աշխարհի համար:

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց խնդրելով միասին աղօթել Հայր մերը, որ «զաւակներու աղօթքն է եւ կը բացայայտէ մեր Մկրտութեան իրականութիւնը» ըսաւ Ան։ «Իւրաքանչիւրը թող զայն աղօթէ իր լեզուով եւ զայն աղօթենք մէկը միւսին» համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2023, 09:54