Որոնել

«Աստուած միշտ Նոր է» Պենետիկտոս ԺԶ Պապին հոգեւոր մտածումները պարունկող գիրքը «Աստուած միշտ Նոր է» Պենետիկտոս ԺԶ Պապին հոգեւոր մտածումները պարունկող գիրքը  

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պենետիկտոս ԺԶ-ին աւետարանի սէրով ու հարստութեամբ տոգորուած աստուածաբանութիւնը»

Գիրքը կը պարունակէ Պենետիտկոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին հոգեւոր մտածականներն ու աստուածաբանական գիտելիքները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լոյս տեսաւ ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Աստուած միշտ նոր է» խորագիրով նոր գիրք մը, Վատիկանի տպագրատունի կողմէ։

Գիրքը կը պարունակէ Պենետիտկոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին հոգեւոր մտածականներն ու աստուածաբանական գիտելիքները։

Նախաբանին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, որ գիրքին տիտղոսը արտայայտութիւնն է Իր նախորդին վարդապետութեան յատկութիւններուն ու հաւատքի տեսլականին, որուն համաձայն այո՛ Աստուած միշտ նոր է, որովհետեւ Ան աղբիւր է եւ գեղեցկութեան ու շնորհքի պատճառ։

«Հոգեւոր մտածականներու հաւաքածոն, որ ներկայացուած է այս գիրքին մէջ ցոյց կու տան Պենետիկտոս ԺԶ Պապին ստեղծագործական կարողութիւնը՝ ուսումնասիրելու քրիստոնէութեան կարգ մը երեւոյթներ՝պատկերներու, լեզուի հարստութեամբ, որոնք անընդհատ խթան կը հանդիսանան մշակելու սեփական կեանքին մէջ Աստուած ընկալելու թանկարժէք պարգեւը» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուցած է, թէ Ժոզէֆ Ռացինկերի միտքի խորութիւնը որ հիմնուած է Սուրբ Գիրքի եւ Եկեղեցւոյ հայրերուն վրայ, այսօր եւս յոյժ օգտակար է։ Նորին Սրբութիւնը գիրքին նախաբանին մէջ  կը հրաւիրէ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ Պենտեսիկտոս ԺԶ Պապին պարգեւին համար, որ իր խօսքով եւ վկայութեամբ սորվեցուց, թէ խորհրդածութեամբ, միտքով, ուսումով, երկխօսութեամբ եւ ունկնդրութեամբ յատկապէս աղօթքով, կարելի է եկեղեցւոյ ծառայել եւ բարիք ընել համայն մարդկութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանը աւարտած է մաղթելով բոլոր ընթերցողներուն, որ սոյն գիրքին էջերուն ներքեւ գտնեն նոր եւ կենդանի Յիսուսի հետ հանիդպումի շնորհքը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2023, 14:11