Որոնել

FILES-VATICAN-RELIGION-POPE

Ֆրանչիսկոս Պապը ուխտաւոր Ափրիկէի մէջ` Քոնկօ եւ Հարաւային Սուտան

31 Յունուարէն 5 Փետրուարին կայանալիք ճամբորդութեան Ճուպայի հանգրուանին Նորին Սրբութեան պիտի ընկերանան Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ Ժասթին Ուելպին եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Ընդհանուր Ժողովի վարիչը վերապատուելի  Եան Կրինշիլտսը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կայ համամիութենական երկխօսութիւն` քրիստոնէական այլ դաւանանքներու երկու առաջնորդներու հետ միասին մեկնումով։ Կայ խաղաղութեան նիւթը՝ բռնութեան, ահաբեկչական յարձակումներու, կլիմայի փոփոխութեան,  երկու երկիրներուն մէջ տեղահանութեան ենթարկուած անձերու հարցը: Կայ նահատակներու և միսիոներներու յիշատակը։ Կայ տեղական Քրիստոնէական համայնքը խրախուսելը։ Եւ կայ նաեւ Քահանայապետին սէրը, որ չուզեց հրաժարիլ այս ճամբորդութենէն, որ նախատեսուած էր անցեալ տարի եւ ծնկացաւի պատճառաւ չեղեալ նկատուած էր ապա կայ անվտանգութեան հարցը....

Յառաջիկայ օրերուն Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն եւ Հարաւային Սուտան, ուր պիտի այցելէ սոյն երկիներու երկու մայրաքաղաքները` Քինշասա եւ Ճուպա։ Այս երկրորդ հանգրուանին Նորին Սրբութեան պիտի ընկերանան Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ Ժասթին Ուելպին եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Ընդհանուր Ժողովի վարիչը վերապատուելի Եան Կրինշիլտսը։

Քահանայապետութեան 40րդ ճամբորդութիւն

Այս պիտի հանդիսանայ Քահանայապետութեան 40րդ ճամբորդութիւնը` առաջինը 2023 տարուան, որով այցելած պիտի ըլլայ 60 երկիներ։ Ան տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին 37 տարիներ առաջ Քոնկոյի հանրապետութիւն կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ետքը, որպէս առաջին Քահանայապետ, որ այցելած է Ափրիկեան այդ երկիրը, մինչ Հարաւային Սուտանի հանգրուանը պիտի հանդիսանայ այդ երկիր կատարուած առաջին Քահանայապետի մը այցը, տրուած ըլլալով, որ Հարաւային Սուտանը աշխարհի ամենաերիտասրադ պետութիւններէն մին է, որ իր անկախութիւնը յայտարարած է 2011 թուականին։

Անվտանգութեան սպառնալիք չկայ

«Գեղեցիկ ճամբորդութիւն» մը այնտեղ տանելու «խաղաղութեան խօսք» մը յայտնած է այս առթիւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունի, անցեալ օրերուն ներկայացնելով առաքելական այս ճամբորդութիւնը ու նշելով, որ հակառակ Քոնկոյի մէջ պատահած որոշ անկարգութիւններուն մասնաւոր անվտանգութեան սպառնալիք մը չկայ։

Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի շրջի եւ որոշ միջոցառումներուն պիտի մասնակցի բացօթեայ ինքնաշարժով, պիտի հանդիպի երկու երկիրներու քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն հետ։ Հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ տեղահաններու հետ։

Աշխարհի կաթողիկէներու 20 առ հարիւրը

Այդ երկու երկիրներու մէջ կ՜ապրին աշխարհի կաթողիկէներուն 20 առ հարիւրը։ Արդարեւ Քոնկոյի մէջ հարիւր միլիոն բնակչութեան 43 առ հարիւրը կաթողիկէ են։

Այնտեղ կան 48 Եկեղեցական Թեմեր եւ վեց եկեղեցական գաւառներ, վաթսուն եպիսկոպոսներով, 4600 քահանաներով, 1500 ժողովրդապետութիւններով եւ եօթը հազարի մօտ կրօնաւորներով։ Երիտասարդ Եկեղեցի մը, որ գիտակից է նաեւ իր ընկերային բնագաւառէն ներս խաղացած դերին։ Եկեղեցին արդարեւ կը մատակարարէ 700 մանկապարտէզ, 12600 առաջնակարգ դպրոցները եւ 5300 երկրորդական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան ծառայութեան կառոյցներուն 40 առ հարիւրը։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարեսիրական կեդրոնները կարեւոր յենակէտեր են Պետութեան համար։

Հարաւային Սուտանի մէջ կան եօթը եկեղեցական գաւառներ եւ 12 միլիոն բնակչութեան վրայ 60,5 առ հարիւրը քրիստոնեայ են, որոնցմէ 52առ հարիւրը կաթողիկէ։

Հարաւային Սուտանը իր անկախութիւնը հռչակեց 9 Յուլիսին 2011ին երկար տարիներու քաղաքական պատերազմի մը աւարտին, որուն պատճառաւ զոհուեցան հազարաւոր քաղաքացիներ։

Երկու երկիրներուն մէջ կան ապա մեծ թիւով ներքին տեղահաններ ու բազմաթիւ սոցիալական հարցեր, սկսեալ մանուկներու թերասնումի հարցէն։

Դիւանագիտական յարաբերութիւններ

Սուրբ Աթոռը Քոնկոյի հանրապետութեան հետ դիւանագիտական կապերը հաստատած է` 16 փետրուար 1963ին, իսկ Հարաւային Սուտանի հետ, 22 փետրուար 2013ին։

11 ելոյթներ

Ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Պապը պիտի ունենայ 11 ելոյթներ` որոնցմէ եօթն Քինշասայի մէջ իսկ հինգը Ճուպայի մէջ։

Մէկ փետրուարին Քինշասայի մէջ տեղի ունենալիք պատարագին նախատեսուած է գրեթէ մէկ ու կէս միլիոն հաւատացեալներու մասնակցութիւնը եւ պատարագին մասնակցող երգչախումբի անդամներուն թիւը 700 է։

Համամիութենական այց

Ինչպէս նշեցինք Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդը եւ Սքովտիօ եկեղեցւոյ Վարիչը պիտի մասնակցին Սրբազան Պապին ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանին, Հարաւային Սուտանի այցին, ուր իրենց կարգին պիտի ունենան ելոյթներ ու պիտի մասնակցին աղօթքի պահերուն եւ պաշտօնական հանդիպումներուն։

Կարգախօսները

Ճամբորդութեան կարգախօսներն են Քոնկոյի համար «Բոլորս հաշտուած Յիսուս Քրիստոսի մէջ» մինչ Հարաւային Սուտանի համար, որ նկատուած խաղաղութեան համար համամիութենական ուխտագնացութիւն, «Կ՛աղօթեմ` որպէսզի անոնք մի ըլլան»։

Ճամբորդութիւնը սկիզբ կ՛առնէ երեքշաբթի 31 Յունուարին երբ Սրբազան Պապը պիտի մեկնի Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն ուղղուելով Քինշասայի միջազգային օդակայան ու կ՛աւարտի 5 փետրուարին Անոր Հռոմ վերադարձով։ Քոնկոյի հանրապետութեան այցը կը տեւէ մինչեւ ուրբաթ 3 Փետրուար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2023, 12:28