Որոնել

2023.01.21 Membri dell'Unione Nazionale Mutilati per servizio

«Ժխտական փորձառութիւնը վերածել դրականի». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ընդունեց ծառայութեան ընթացքին խեղուածներու ազգային միութեան անդամները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 21 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ի շարս պաշտօնական հանդիպումներու, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ ծառայութեան ժամանակ խեղուածներու ազգային միութեան անդամներուն եւ անոնց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իրեն կատարած այցելութեան համար Ան կիսեց մի քանի մտքեր, որոնցմէ առաջինը եղաւ այն իրականութիւնը, թէ իրենց ժխտական փորձառութիւնը փոխակերպեցին դրական փորձառութեան մը։

Հակառակ, որ զանազան պատճառներու բերումով անոնք զրկուեցան մարմնի մէկ անդամէ մը, չմնացին փակ իրենք իրենց մէջ ու բացուեցան հանդիպումի, բաժնեկցութեան եւ զօրակցութեան։

Ժխտականը վերածել դրականի

«Այս ժխտականէն դէպի դրական փոփոխութիւնը Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդին հիմնական երեւութիւնէն մին է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Յիսուս Աստուծոյ սիրոյ զօրութեամբ, չարը բարիի փոխակերպեց, իր իսկ անձնական փորձառութեամբ... չարիքը` որուն ստիպուեցաւ ենթարկուիլ իր գագաթնակէտին հասաւ չարչարանքի եւ խաչին վրայ մահուամբ եւ ինք այդ մէկը փոխակերպեց մեր փրկութեան համար զոհաբերումի։ «Այդ ըրաւ շնորհիւ Հօր սիրոյն, որ հարուստ է անհուն ողորմութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ Յիսուսին այդ խորհուրդը կը գտնուի Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, զոր Ան մեզի թողուց որպէս ժառանգութիւն։

Խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումը

Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ միութեան անդամներուն խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումին հաստատելով, որ «խաղաղութեան կառուցողներ ըլլալու յանձնառումը վաւեր է բոլորիվ համար, անկախ իւրաքանչիւրի պատմութենէն»։ Յիսուս արդարեւ երանելի կը հռչակէ խաղաղարարները։

«Պատերազմի մը դիմաց, որ կը թուայ ըլլալ անյաղթ հրէշ մը, աղօթքէն անդին մենք կարող են առօրեայ կեանքին մէջ դիմագրաւել հակամարտութիւնները, խուսափելով բռնութենէն եւ գերակշռութիւններէն» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով միութեան անդամները դառնալու ընկերութեան մէջ խաղաղութեան ուժ մը, որ կ՛օգնէ հակամարտութիւնները լուծելու խաղաղ կերպով, միշտ փնտռելով հասարակական բարիքը։

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց քաջալերելով բոլորը յառաջ ընթանալու քաջութեամբ անոնց համար Տիրոջմէ հայցելով ուժ` օգնելու համար բազմաթիւ մարդիկը, իրենց դժուար ու ծանր վիճակին դիմաց դնելու «առաւել» նշանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2023, 12:46