Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քամպոտճեայն Պուտիսթներու պատուիրակութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քամպոտճեայն Պուտիսթներու պատուիրակութեան անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Միասին ամոքելու համար աշխարհի վէրքերն ու արարչագործութեան վնասակար գաղափարախօսութիւնները»։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը յայտնեց սոյն այցելութեան համար, «որուն նպատակն է ամրապնդել բարեկամութիւնը՝ որպէս կրօնական առաջնորդներ, որ յանձնառու են բարելաւելու միջ կրօնական համագործակցութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 19 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քամպոտհեայէն ժամանածՊուտիսթներու պատուիրակութիւն մը, Քամպոճիանի քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ ու Ֆնոմ Փեն թեմի առաքելական տեղակալ գերապայծառ Olivier Schmitthaeusler։

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը յայտնեց սոյն այցելութեան համար, «որուն նպատակն է ամրապնդել ձեր բարեկամութիւնը՝ որպէս կրօնական առաջնորդներ, որ յանձնառու են բարելաւելու միջ կրօնական համագործակցութիւնը» Ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա գնահատելով Պուտիսթներու պատուիրակութեան բնապահպանական դարձի մասին հանդիպումի նիւթը, խօսեցաւ անտեսուածներուն արժանապատուութեան մասին ընդգծելով, որ «աղքատութիւնն ու անտեսուածներուն արժանապատուութեան յարգանքի պակասը պատճառ կը դառնան տառապանքի ու յուսախաբութեան։ Նորին Սրբութիւն հրատապ նկատեց երկխօսութեան միջոցաւ համապարփակ լուծումներ որոնելը՝ հիմնուած մարդկային ընտանիքի եւ բնութեան միջեւ հիմնարար փոխկապուածութեան վրայ ու Այս առնչութեամբ յարեց որ ինք հետեւելով իր նախորդներուն գործունէութեան, շարունակեց յորդորել հոգ տանիլ հասարակաց տան, խնամք մը, որ նաեւ յարգանքի կոչում է, յարգանք արարչագործութեան, մերձաւորին, մեր անձին ինչպէս նաեւ արարիչին նկատմամբ։ (Ճառ՝ հաւատք եւ գիտութիւն հանդիպումի մասնակիցներուն 4 հոկտեմբեր 2021)։

Բնապահպանական դարձը

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացնելով բնապահպանական դարձի վրայ, նշեց որ անիկա կը ծնի երբ կը ճանչցուին ժամանակից ճգնաժամերուն մարդկային արմատները, երբ իսկական զղջումը կը դանդաղեցնէ եւ կը կասեցնէ միտումներ, գաղափարախօսութիւններ, որոնք վնասակար եւ անյարգալից են ստեղծագործութեան, երբ անձերը յանձնառու կը դառնան խթանելու զարգացման տիպարներ, որոնք կը բուժեն ագահութեան վէրքերը, ֆինասնական շահերուն աւելորդ հետապնդումի որոնումը, մերձաւորին նկատմամբ զօրակցութեան պակասը եւ շրջակայի միջավայրին յարգանքի պակասը։

Երկխօսութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ երկխօսութիւնը կը բացայայտէ այն խոր հարստութիւնը՝ որ մեր համապատասխանող կրօնական աւանդութիւնները կը շնորհեն առ ի աջակցութիւն՝ բնապահպանութեան պատասխանատուութիւնը զարգացնելու ջանքերուն։

«Հետեւելով Պուտայի՝ իր աշակերտներուն դողած ժառանգութեան, ներառեալ metta”, կոչուող վարժութիւնը, որ կը կայանայ կենդանի էակները չկործանելու մէջ, ինչպէս նաեւ ապրելով պարզ ապրելակերպ մը, Պուտիսթները կրնան կարեկից վերաբերմունք ձեռք բերել բոլոր էակներուն համար, ներառեալ երկրին, անոնց բնակավայրը։ Մինչ քրիստոնեաները իրենց կարգին, բնապահպանութեան պատասխանատուութիւնը կը կատարեն, երբ իբրեւ վստահելի պահակներ կը պաշտպանեն արարչագործութիւնը, աշխատանքը զոր Աստուած մարդուն վստահեցաւ, որպէսզի մշակէ ու պահապանէ զայն։ (Գովեալ Ըլլաս, 95; 217)։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար մաղթելով անոնց Հռոմի մէջ հաճելի այցելութիւն։ Նորին Սրբութիւն վստահեցուց որ այս օրուան հանդիպումը միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան պատասխանատուներուն հետ, հնարաւորութիւն պիտի շնորհէ յաւելեալ ձեւերով ուսումնասիրելու բնապահպանական դարձը, Քրիստոնեաներու եւ Պուտիսթներու միջեւ երկխօսութեան նախաձեռնութիւններու միջոցաւ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2023, 11:16