Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փրոփականտա Ֆիէտէի Ուրպանօ քահանայապետական վարժարանի անդամ մը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փրոփականտա Ֆիէտէի Ուրպանօ քահանայապետական վարժարանի անդամ մը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հաւատալի միսիոնարներ՝ ոչ թէ հագած հագուստի պատճառաւ, այլ անկեղծութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Քահանայապետական Փրոփականտա Ֆիտէի Ուրպանօ քահանայապետական վարժարանի տեսուչներուն եւ աշակերտներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 21 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փրոբականտա Ֆիտէի Քահանայապետական Ուրպանօ վարժարանի տեսուչներն ու աշակերտները։

Հանդիպումին ընթացքին արտասանած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նախ յիշեց Ուրպանօ Ը Պապը, որ 1627ին, Հռոմի մէջ հիմնած է յիշեալ նորընծայարանը՝ նպատակաուղղուած՝ առաքելութեան համար կղերականներ կազմաւորման։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց Փրոփականտ Ֆիտէի համաժողովի հիմնադրութեան 4-րդ դարադարձին նուրուած խորհրդածութիւններու նիւթին՝ ներշնչուած Մարկոս աւետարանի հատուածէն «Տասներկու հոգի ընտրեց, որպէսզի իր հետը կենան եւ զանոնք քարոզելու ղրկէ» (Մարկ 3,13)։

Խօսելով Աստուծոյ եւ եղբայրներուն մօտիկ իսկական առաքեալներ ըլլալու յատկութիւններու մասին, Նորին Սրբութիւնը նախ շեշտը դրաւ իսկական քաջութեան վրայ դիտել տալով, որ մեր Աստուծոյ եւ եղբայրներուն մօտիկութիւնը կ՝իրականանայ ու կ՝ամրապնդուի այնքանով, որքանով մենք քաջութիւնը ունինք մեր կրած դիմակները հանելու՝ կատարեալ, անբասիր եւ յարգելից երեւնալու համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով որ դիմակները ոչ մէկ բանի կը ծառայեն, հարկ է ներկայանալ այնպէս ինչպէս, որ ենք՝ առանց պատկերներու, այլ մեր սահմաններով եւ մեր հակասութիւններով յաղթելով դատուած ըլլալու վախը, քանի որ մենք չենք համապատասխաներ իտէալական տիպարին, որ յաճախ կայ մեր միտքին մէջ։

Մեր անձէն դուրս գալ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ երկրորդ յատկութեան, որ է մեր անձէն դուրս գալու կարողութիւնը, յայտնելով որ հաւատքի կեանքը շարունակական ելք մըն է, ելք մեր մտային ուրուագիծէն, մեր վախերուն ցանկապատէն, ինչպէս նաեւ մենք մեզ վստահ զգալու փոքրիկ եղելութիւններէն, ապա թէ ոչ կ՝ենթարկուինք Աստուած մը պաշտելու վտանգին, որ միայն մեր կարիքներուն պատկերներուն ցոլացումն է ինչպէս նաեւ  ուրիշներու հետ իսկական հանդիպում չ՝ապրելու վտանգին։ Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատեց ընդունիլ մեր անձէն դուրս գալը, ինչպէս կատարեց Աբրահամը Մովսէսը, Գալիլեայի մեղաւորներ, որոնք կանչուեցան Վարդապետին հետեւելու։ (Մարկ 1, 16 -20)։

Բաց գտնուիլ Երկխօսութեան

Ի վերջոյ, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ առաքեալ ըլլալու կարեւոր վերջին յատկութեան, որ է երկխօսութեան բաց գտնուիլը, «նախ եւ առաջ Աստուծոյ հետ, աղօթքի միջոցաւ, որ նաեւ ելք մըն է մեր «ես«էն, Զայն ընկալելու համար՝ մինչ մեր հետ կը խօսի ու կը լսէ մեր ձայնը, ապա բաց գտնուիլ եղբայրութեան երկխօսութեան, միւսին հանդէպ արմատական բացութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ «աշխարհը կարիքը ունին երկխօսութեան, խաղաղութեան։ Կարիքը ունի մարդոց եւ կանանց այդ վկայելու համար։ Յորդորեց Քահանայապետական վարժարանի անդամները մաս կազմելու այն մարտիրոսներու երկխօսութեան, որոնք քաջութեամբ ընթացան խաղաղութեան կառուցողները ըլլալու ճամբուն վրայ։ Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց չվախնալու մինչեւ ծայր աստիճան ընթանալու այդ ճամբէն ներս, երթալով հակառակ հոսանքին եւ կիսելով Յիսուսը, հաղորդելով հաւատքին հետ, զոր Յիսուսի տուաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց Հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւն ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2023, 11:19