Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «1960 թուականէն այսօր թերզարգացման պատճառները դեռ չեն վերացուած. կեդրոնանալ կրթութեան վրայ»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը. «Օ.Փ.Ա.Մ» անուան հաստատութեան անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 23 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գրագիտութեան խթանման ծառայութեան նուիրուած «Օ.Փ.Ա.Մ» անուան հաստատութեան անդամները, հաստատութեան հիմնադրութեան 50-րդ ամեակին առիթով, հիմնուած Հայր Քարլօ Մուրաթորէն կողմէ, այն համոզումով, որ աւետարանումի էական բաժինը եւ մարդկային զարգացումը կրթութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով, որ չէ կարելի համապարփակ մարդկային զարգացում՝ առանց կրթութեան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Քարլոյին առաքելական նախանձախնդրութեան համար ինչպէս նաեւ Անոր յաջորդին Հայր Ալտօ Մարթինին, որ աւելի քան 20 տարիներ ղեկավարեց յիշեալ հաստատութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ յիշեց 1960ական թուականին, Քահանայապետական կարգ մը փաստաթուղթեր՝ Populorum progressio եւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ ի Pacem in terris, նշելով, որ անոնք արդիական ըլլալով հանդերձ տակաւին չէ ստացուած անոնց պատգամը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ մինչեւ այսօր զարգացման օրինակը տակաւին չէ փոխուած եւ դա կը նշանակէ թէ հակառակ զօրակցութեան վեհանձն ու բարձր թիւերով գործունէութիւններուն՝ ըլլայ քաղաքացիական ըլլայ եկեղեցական մակարդակի վրայ թերզարգացման պատճառները վերացուած չեն։ Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Օ.Փ.Ա.Մ» հաստատութեան թերզարգացման պատճառները վերացնելու սատարած գործունէութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով Fratelli tutti փաստաթուղթին, նշեց Եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ երազն է ունենալ աշխարհ մը ուր բոլորը կրնան ապրիլ որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր լի արժանապատուութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնելով հաստատութեան անդամներուն որ իրենց առօրեայ աշխատանքները կ՝իրականացնեն ընկերային բարեկամութեան եւ եղբայրութեան երազով, որ չսահմանափակուիր բառերով։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միշտ յառաջ ընթանալ ու բարձր պահել իրենց գործունէութիւններու որակը, որպէսզի անոնք միշտ յաջող ըլլան։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով հաստատութեան անդամներուն ու համագործակիցներուն ինչպէս միշտ խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2023, 10:44