Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Էքուատորի հանրապետութեան նախագահ տիար Կուիլլերմօ Մենտոզա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Էքուատորի հանրապետութեան նախագահ տիար Կուիլլերմօ Մենտոզա  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Էքուատորի հանրապետութեան նախագահ տիար Կուիլլերմօ Մենտոզան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Էքուատորի հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 21 յունուարին, Վատիկանի առաքելական պալատէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Էքուատորի հանրապետութեան նախագահ տիար Կուիլլերմօ Մենտոզա ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւն մը։ Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հետ ընկերակցութեամբ այլ պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին բարձր գնահատուած է եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, կրթութեան, առողջապահութեան, մարդկային եւ հոգեւորական արժէքներու խթնման եւ եղբայրասիրական գործունէութիւններուն ոլորտներէն ներս, ընդգծելով եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ անկեղծ եւ մշտական երկխօսութեան կարեւորութիւնը դիմագրաւելու համար ընկերութեան հիմնական մարտահրաւէրները։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ հանդիսացած է տարածաշրջանային ընկերային եւ քաղաքական իրավիճակը , յատուկէն անդրադառնալով խաղաղութեան խթանման ի սպաս թափուած ջանքերուն, կեդրոնանալով երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթերու վրայ ինչպէս կեանքի պաշտպանութիւնը, երախներու խնամքը, բանտի համակարգի բարեփոխումը, բնիկ ժողովուրդներուն ու անոնց մշակոյթներու նկատմամբ յարգանքը ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2023, 11:38