Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պատերազմը պարտութիւն է չար ուժերուն դիմաց»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջազգային հետազօտութիւններուն եւրոպական հաստատութեան անդամները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 26 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջազգային հետազօտութիւններուն եւրոպական հաստատութեան անդամները։

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւն յայտնեց վերոյիշեալ հաստատութեան անդամները ընդունելու ու անոնց հետ կիսելու ժամանակակից քաղաքական, ընկերային իրականութիւններու վերաբերող հետազօտութիւններուն պտուղը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսելով Յիսուսի առաքեալներուն խոստացած խաղաղութեան մասին յայտնեց, որ այդ խաղաղութիւնը ոչ միայն կը գերազանցէ այն ինչ, որ մենք կարող ենք ստանալ՝ զուտ մարդկային միջոցներով, այլ մարտահրաւէր է, որպէսզի այդ խաղաղութիւնը չհիմնուի պարզապէս ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ, կամ թերիներուն ճիշդ պահանջները լռեցնելու վրայ։
«Մարդկանց միջեւ խաղաղութիւնը էական բարիք է, որուն համար պէտք ենք աշխատիլ եռանդով եւ ջերմեռանդութեամբ խնդրել Աստուծմէ»։
Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա անդրադառնալով ժամանակակից քաղաքական կացութեան, յիշեց Fratelli tutti շրջաբերականէն հատուած մը.« Ամէն պատերազմ իր գտած աշխարհէն կը ձգէ աւելի քէշ աշխարհը մը։ Պատերազմը քաղաքականութեան եւ մարդկութեան ձախողութիւն է, ամօթալի յանձնում, պարտութիւն չար ուժերուն դիմաց։

Մեր աղօթքով, մեր աշխատանքով կարող ենք լուծումներ յառաջացնել, կամքեր միաւորել, վկայութիւն տալ, որ հաւատքէն ծնած սէրը, եղբայրութիւնը եւ իսկական մարդասիրութիւնը կը յաղթահարէ ատելութիւնը, մերժումը եւ դաժանութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը։Ան ապա Պատգամը աւարեց հայցելով բոլորին վրայ Աստուծոյ օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2023, 10:23