Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Assifero ընկերակցութեան անդամներուն

Մօտիկ գտնուիլ ուրիշներուն, ծնրադրել ուրիշներու վէրքերու դիմաց, հոգ տանիլ ուրիշներուն, ու զետեղել զօրաւոր հիմքեր միացած եւ զօրացած հասարակութեան կառուցման մէջ, աւելի լաւ աշխարհի եւ խաղաղաղ ապագային համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 26 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Assifero» ընկերակցութեան անդամները, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 20-րդ տարեդարձին առիթով։

Ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս պապ անդրադարձաւ հաստատութեան բարեսիրական աշխատանքներուն նշելով, որ հաստատութիւնը բաղկացած է Իտալիոյ եւ օտար տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող բազմաթիւ հիմնարկներէն, որոնք կը գործեն անձին զարգացման, ընկերային եւ առողջ տնտեսութեան խթանման համար, համատեղելով հարստութիւններ եւ հմտութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապ «Assifero» ընկերակցութեան անդամներուն յանձնարարեց յատուկէն աշխատիլ երեք կարեւոր տարբեր արժէքներու համար, առաջին՝ , անձին համապարփակ զարգացման, երկրորդ տեղական հասարակութիւններուն ունկնդրութեան, երրորդ վերջիններուն մօտիկ գտնուելու համար ընդգծելով, որ մօտիկութիւնը Աստուծոյ առաջին յատկութիւններէն է. մօտիկութիւն, կարեկցութիւն, եւ քնքշութիւն։

Նորին Սրբութիւն շեշտեց մօտիկ գտնուիլ ուրիշներուն, ծնրադրել ուրիշներու վէրքերու դիմաց, հոգ տանիլ ուրիշներուն, ու զետեղել զօրաւոր հիմքեր միացած եւ զօրացած հասարակութեան կառուցման մէջ, աւելի լաւ աշխարհի եւ խաղաղաղ ապագային համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով հաստատութեան անդամներուն այցելութեան համար, քաջալերելով միշտ յառաջ ընթանալ՝ խանդավառութեամբ ու իմաստութեամբ։ Ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւն խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2023, 11:57