Որոնել

Յանուն խաղաղութեան Աստուծոյ՝ ապառազմականացնել սրտերը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը Փետրուար 1ին Պապական Նուիրակութեան մէջ հանդիպեցաւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան արեւելեան հատուածին մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերուն. «ինչպիսի խայտառակութիւն (․․․) մարդիկ կը բռնաբարուեն և կը սպաննուին, մինչդեռ բռնութիւն և մահ պատճառող առևտուրները կը շարունակեն զարգանալ»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն այցի ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ Փետրուար 1ին Քինշասայի մէջ Քահանայապետական Նուիրակութեան մէջ հանդիպեցաւ Երկրի արեւելեան հատուածին մէջ բռնութեան թիրախ դարձած անձերուն հետ։

Երկրի արեւելեան հատուածի բռնութիւնները

Տարիներ շարունակ ներքին բռնութիւններով և հակամարտութիւններով նշանաւորուած ափրիկեան այս Երկրի արեւելեան հատուածին մէջ, չնայած 2018ի համաձայնագիրերուն, տակաւին խաղաղութիւն չէ հաստատուած, ինչն ալ ստիպած է Ֆրանչիսկոս Պապին հրաժարիլ այդ տարածքներ՝ մասնաւորապէս Կոմա այցէն, սակայն ոչ իր նպատակէն, այն է՝ աշխարհի ուշադրութիւնը սևեռել վերոնշեալ խնդիրներուն վրայ։

Զոհերու աղօթքն առ Աստուած և ներելու պարտաւորութիւնը

Նորին Սրբութիւնը հանդիպման մեկնարկին լսեց դաժանութիւններու ենթարկուած տուժածներու պատմութիւնները, անոնց ընտանիքի անդամներու անգութ սպանութիւնները, անոնց հանդէպ բռնաբարութիւնները: Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն` կրած տառապանքներու խորհրդանիշ հանդիսացող բռնութեան գործիքներու (համազգեստներ, մուրճեր, կացիններ, դանակներ) տեղադրումը Յիսուսի Խաչին տակ և զոհերու աղօթքը ու ներելու պարտաւորութիւնը առ Աստուած․

«Կը պարտաւորուինք ներել մէկս միւսին և խուսափիլ պատերազմի և հակամարտութիւններու ցանկացած ուղիէն՝ տարաձայնութիւնները լուծելու համար։ Կը խնդրենք Քեզմէ՝ Տէր, շնորհքը, մեր Երկիրը՝ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը վերածես խաղաղութեան և ուրախութեան, սիրոյ և խաղաղութեան վայր, որտեղ բոլորը սիրեն մէկը միւսին և ապրին եղբայրաբար»։

Անմարդկային բռնութեան առջև կը մնայ միայն լռելեայն արտասուիլ

«Անմարդկային բռնութեան առջեւ խօսքեր չկան. կը մնայ միայն լռելեայն արտասուիլ, յուզուած» ըսաւ Սրբազան Պապը՝ բռնութիւններու զոհերու վկայութիւններուն յաջորդած իր ճառին սկիզբը և ընդգծեց, որ յարգանքով կը խոնարհի «այսքան շատ անձերու կրած տառապանքներուն առջև»:

Պունիա, Պենի-Պուտեմպօ, Կոմա, Մասիսի, Ռուտշուրու, Պուգավու, Ուվիրա, վայրեր են, որոնք միջազգային լրատուամիջոցները գրեթէ երբեք չեն նշեր, ուր սակայն նոյն մարդկութեան որդիները հզօր զէնքեր ունեցող աւելի ուժեղներու կամայականութեան զոհը կը դառնան, շեշտեց ապա Նորին Սրբութիւնը և շարունակեց.

Սրբազան Քահանայապետի մօտիկութիւնը և դատապարտումը

«Արևելքի սիրելի բնակիչներ կ’ուզեմ ըսել՝ մօտ եմ ձեզի։ (...) Կուզեմ բերել Աստուծոյ փաղաքշանքը: Անոր քնքուշ և կարեկից հայեացքը ընդ ձեզ ուղղուած է: Մինչ վայրագները ձեզ, որպէս առարկաներ կը նկատեն, Հայրը, որ երկինքն է, կը տեսնէ ձեր արժանապատւութիւնը և ձեզմէ իւրաքանչիւրին կ’ըսէ. «Թանկ ես ինձ համար, իմ առաջ փառաւորուեցիր և սիրում եմ քեզ» (Եսայի 43:4)»:

Ֆրանչիսկոս Պապը այնուհետև դատապարտեց տակաւին շարունակուող «զինուած բռնութիւնը, ջարդերը, բռնաբարութիւնները, գիւղերու աւերումն ու գրաւումը, դաշտերու և անասուններու կողոպուտը», ինչպէս նաև Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան հարստութեան արիւնալի, անօրինական շահագործումը և այն մասնատելու փորձերը:

Ներողութիւն խնդրել Աստուծմէ մարդու հանդէպ մարդու բռնութեան համար

«Վրդովմունք կ’առաջացնէ այն գիտակցութիւնը, որ անապահովութիւնը, բռնութիւնն ու պատերազմը, որոնք ողբերգականօրեն կ’ազդեն բազմաթիւ անձերու վրայ, ամօթալի կերպով կը սնուին միայն արտաքին ուժերէն, սակայն նաև ներսէն՝ շահեր և առաւելութիւններ ստանալու համար», շեշտեց Ան:

Քահանայապետը յորդորեց ապա եղբայրներ ու քոյրեր ըլլալ, «ինչպէս երկնային Հայրը կ’ուզէ տեսնել մեզի» և Անորմէ ներողութիւն հայցելով «մարդու հանդէպ մարդու բռնութեան համար», խնդրեց դարձի բերել մարդկութեան ամօթը հանդիսացող վայրագներու սրտերը։

Լռեցուցէք ձեր զէնքերը, վերջ տուէք պատերազմին: Բաւ է

Նման իրավիճակ, ըստ Պապի, հետեւանք է նաև պետական հաստատութիւններու բացակայութեան կամ թուլութեան, ատելութիւններու, բայց յատկապէս հանքանիւթի և փողի անյագ ագահութեան։ «Ինչպիսի խայտառակութիւն ․․․ մարդիկ կը բռնաբարուին և կը սպաննուին, մինչդեռ բռնութիւն և մահ պատճառող առևտուրները կը շարունակեն զարգանալ», յարեց Ան և պնդեց․

«Փութաջան կերպով կոչ կ’ուղղեմ բոլոր մարդկանց, բոլոր կազմակերպութիւններուն, ներքին և արտաքին, որոնք կը քաշեն Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ պատերազմի թելերը՝ թալանելով, խարազանելով և ապակայունացնելով զայն։ Դուք կը հարստանաք այս Երկրի ունեցուածքի անօրինական շահագործման և անմեղ զոհերու արիւնալի զոհաբերութեան հաշուին: Լսեցէք անոնց արեան աղաղակը (հմմտ. Ծննդոց 4:10), ականջ դրէք ձեզ դարձի կանչող Աստուծոյ ձայնին և ձեր խղճի ձայնին. լռեցուցէք ձեր զէնքերը, վերջ տուէք պատերազմին: Բաւ է» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

«Ինչպէ՞ս վարուիլ խաղաղութիւն հաստատելու համար» հարց տուաւ Ան և պատասխանեց. երկու «ոչ» և երկու «այո»ներով:

Ոչ՝ բռնութեանը

Առաջին հերթին ոչ բռնութեանը, միշտ և ամէն պարագային, առանց «եթէ»ներու և առանց «բայց»երու։ Սեփական ժողովուրդը սիրել չի նշանակէր ուրիշներու նկատմամբ ատելութիւն տածել, քանզի ատելութիւնը՝ ատելութիւն և բռնութիւնը՝ բռնութիւն կը ծնի։

Բռնութենէ իսկապէս խուսափելու համար «ոչ» ըսելը միայն բաւական չէ. պէտք է արմատախիլ ընել զայն, ըսաւ Պապը և խնդրեց յանուն խաղաղութեան Աստուծոյ, ապառազմականացնել սրտերը. հեռացնել թոյնը, մերժել ատելութիւնը, ականահատել ագահութիւնը, ջնջել քէնը. «Այս ամէնուն «ոչ» ըսելը կը թուայ թէ մեզ կը թուլցնէ, բայց իրականութեան մէջ այն մեզ կ’ազատէ, քանի որ խաղաղութիւն կը բերթէ: Այո՛, խաղաղութիւնը կը ծնի կատաղութենէ զերծ սրտերէն», յարեց Ֆրանչիսկոսը։

Ոչ՝ համակերպութեանը

Այս առաջին «ոչ»էն կը բխի երկրորդը՝ «ոչ» համակերպութեան դիմաց ոչ, քանի որ խաղաղութիւնը մեզմէ կը խնդրէ պայքարել յուսահատութեան, բարոյալքումի և անվստահութեան դէմ։ Ապագան չի կարող կերտուիլ, եթէ փակ մնանք սեփական խմբերու և ցեղերու մէջ։ Որպէս մէկ Հօր զաւակներ՝ բոլորս եղբայրներ ենք։ Ուստի, ըստ Ֆրանչիսկոսի, պէտք է հայեացքները սեւեռել դէպի երկինք՝ չմնալով վախին գերի. «իւրաքանչիւրի կրած չարիքը, պէտք է բոլորի համար բարիքի վերածուի»։ Սա է քրիստոնէական հաւատքը, զոր կը դաւանի բնակչութեան զգալի մասը։

Այո՝ հաշտեցմանը

Ֆրանչիսկոս Պապի խաղաղութեան համար առաջին «այո»ն հաշտեցման վերաբերեալ էր։ Անդրադառնալով Խաչի շուրջ աղօթքին և տեսած ու կրած բռնութեան գործիքները անոր տակ տեղադրելուն՝ ի նշան հաշտեցման և ներումի, Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ «խաչը նոյնպէս ցաւի և մահուան գործիք էր, ամէնէ սարսափելին, Յիսուսին ապրած ժամանակները, բայց, անցնելով Անոր սիրոյ միջով, ան դարձած է հաշտութեան համընդհանուր գործիք, կենաց ծառ»:

Հաշտուիլ կը նշանակէ ստեղծել վաղուան օրը

Հետևաբար, Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց ըլլալ կենաց ծառեր, որոնք կը կլանեն աղտոտուածութիւնը և կը վերադարձնեն թթուածին, յորդորեց ատելութեան պատասխանել սիրով, ինչպէս արմաւենին, որուն պտուղները քաղելու համար կը քարկոծուի, ու շեշտեց` որ «հաշտուիլ կը նշանակէ ստեղծել վաղուան օրը. կը նշանակէ հաւատալ ապագային, փոխանակ խարսխուած մնալու անցեալին մէջ»:

Այո՝ յոյսին

Քահանայապետի երկրորդ «այո»-ն՝ վճռական է՝ «այո յոյսին»։ «Եթէ հաշտութիւնը կարելի է ներկայացնել որպէս ծառ, որպէս արմաւենի, որ պտուղ կու տայ, յոյսն ալ այն ջուրն է, որ կը ծաղկեցնէ զայն: Այս յոյսի աղբիւրը Յիսուսն է, Որու հետ վերջին խօսքը չարի խօսքը չէ կեանքի նկատմամբ։ «Յիսուսի հետ յոյսը կը ծնի և կը վերածնի անոնց համար, որոնք չարը ընդունած են և նոյնիսկ անոնց համար, որոնք զայն գործած են», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

Մտածել ապագայ սերունդներու մասին և ոչ թէ անմիջական արդիւնքներու ն

«Այս Երկրի Արեւելքի եղբայրներ և քոյրեր, այս յոյսը ձեզ համար է, դուք անոր իրաւունք ունիք»։ Բայց ան նաև իրաւունք է, որ պէտք է նուաճել՝ բարին սերմանելով ամէն օր և համբերութեամբ», շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը և կրկին ապաւինեցաւ արմաւենիի օրինակին. «Երբ պտուղը կ’ուտես, կը տեսնես արմաւենին, բայց անիկա, որ ծառը տնկած է վաղուց հող վերադարձած է», և խրախուսեց աշխատիլ արմաւենին տնկողներու ոգիով՝ մտածելով ապագայ սերունդներու մասին և ոչ թէ անմիջական արդիւնքներուն։

«Այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ և կ’օրհնեմ խաղաղութիւն սերմանողները» նշեց ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը և յիշատակեց խաղաղութեան ծառայելու ընթացքին կեանքը կորսնցուցած՝ դեսպան Լուքա Աթանազիոն, բանակի ծառայող «Քարապինիէր» Վիթթորիօ Եաքովաչին և վարորդ Մուսթաֆա Միլամպոն, որոնք սպաննուեցան երկու տարի առաջ Երկրի արեւելեան շրջանին մէջ։ «Անոնք յոյս սերմանողներ էին, և անոնց զոհաբերութիւնը չի կորսուիր», ընդգծեց Պապը և ճառն աւարտեց՝ օրհնելով բոլոր ներկաները և խաղաղութիւն մաղթելով ողջ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2023, 17:14