Որոնել

Papa, riceve famiglie dei minatori polacchi periti nelle miniere

«Ողբերգական պահերու ընթացքին լռութիւնը կարեկից է». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց 2022 թուականի ապրիլի 20-ին և 23-ին ածխահանքերու մէջ զոհուած լեհ հանքագործներու ընտանիքներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 24 Մարտի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս Քահանայապետական Տան Քարոզիչ Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսայի Մեծ Պահքի առիթով ներկայացուցած Քառասնորդացի չորրորդ մտածականէն ետքը, ունկնդրութիւն շնորհեց 2022 թուականի ապրիլի 20-ին և 23-ին ածխահանքերու մէջ զոհուած լեհ հանքագործներու ընտանիքներուն եւ այս առիթով անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք անոնց իրենց տուած այցելութեան համար ըսաւ.

«Ձեր առջեւ ես չեմ գիտեր ինչ ըսել։ Լռութիւնը կարեկից է։ Ամուսինը, հայրը կորսնցնելը, այսպիսի արկածի մը ընթացքին վատ բան է։ Ու վատ է նաեւ այն իրողութիւնը թէ անոնցմէ ոմանք այնտեղ` հանքերու մէջ  թաղուած են։ Ես չեմ ուզեր խօսք արտասանել այլ պարզապէս ըսել, որ ձեզի մօտիկ եմ, շատ մօտիկ, սրտի մօտիկութեամբ ու կ՜աղօթեմ ձեզի համար այս դժուար ու գէշ կացութեան մէջ»։

«Աղօթքը յաճախ այսպիսի պահերու ընթացքին...կը թուայ որ Աստուած մեզի մտիկ չ՛ընէր։ Կայ մեռեալներու լռութիւնը, կայ Աստուծոյ լռութիւնը։ Եւ այս լռութիւնը շատ անգամ մեզի զայրոյթ կը պատճառէ։ Մի վախնաք. Այդ զայրոյթը աղօթք է։ Այդ «ինչու» հարցումներէն մին է` զոր մենք շարունակաբար կը կրկնենք այսպիսի իրավիճակներու ընթացքին։ Եւ անոր պատասխանն է. «Խաւարին մէջ Տէրը մեզի մօտիկ է։ Չենք գիտեր ինչպէս բայց մօտիկ է» ըսաւ Քահանայապետը նշելով որ ինք եւս կ՛ուզէ աղօթել լռութեամբ» ապա անոնց շնորհեց իր օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2023, 11:29