Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալիոյ RHO քաղաքի երկու ժողովրդապետութիւններու հաւատացեալներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալիոյ RHO քաղաքի երկու ժողովրդապետութիւններու հաւատացեալներուն հետ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հասարակութիւնը հայելիին առջեւ չկազմուիր այլ միասին քալելով»։

«Եղբայրութիւնը մարդկութիւնը կը դարձնէ աւելի ազատ ու երջանիկ եւ աշխարհը մեզմով չ՝աւարտուիր եւ այս իրականութիւնը կը բացայայտենք լոկ միասնաբար քալելով՝ օրէ օր»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 25 մարտին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Rho քաղաքի երկու ժողովրդապետութիւններէն Հռոմ ուխտագնացութեամբ ժամանած խումբ մը ուխտաւորները։

«Այսօր դուք եկած էք մեծ թիւով եւ գիտեմ, որ զոհողութիւններ կատարած էք որպէսզի բոլորդ հոս ըլլաք առանց բացառելու ոչ մէկը» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ անոնք կը ներկայացնեն իրենց ժողովրդապետութիւններուն տարբեր իրականութիւններ ու իրենց սիրտերուն մէջ կը կրեն այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք տարբեր պատճառներով չկրցան Հռոմ ժամանել։

Եկեղեցին կազմուած տարբեր անդամներէն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով եկեղեցւոյ մասին որ կազմուած է տարբեր անդամներէն յարեց «Եկեղեցին տարբեր անդամներէն կազմուած մարմին է, բոլորը կը ծառայեն մէկը միւսին ու ոգեւորուած միեւնոյն սէրէն՝ Քրիստոսէն» ըսաւ Սրբազան Հայրը յորդորելով հաւատացեալները միշտ յիշելու որ այդ բազմազանութեան եւ այդ հաղորդութեան գեղեցկութեամբ ու հարստութեամբ է որ Յիսուսը կը տանին դէպի աշխարհ ու դա աւետարանը հռչակելու ամենէն զօրեղ միջոցն է, խօսքերէն առաջ։

Միասին քալել որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ուխտաւորները միասնաբար քալելու որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, «որովհետեւ եղբայրութիւնը մարդկութիւնը կը դարձնէ աւելի ազատ ու երջանիկ եւ աշխարհը մեզմով չ՝աւարտուիր եւ այս իրականութիւնը կը բացայայտենք լոկ միասնաբար քալելով օրէ օր» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «ասոր համար կարեւոր է ժողովրդապետութիւնը, որովհետեւ այն վայրն է, ուր Յիսուսին հետեւելով իրարու կը հանդիպինք կը ծանօթանանք ու կը հարստանանք մէկ միւսին հետ, տարբեր սերունդներուն եւ տարբեր մշակութային եւ ընկերային պայմաններուն անձեր, բոլորը իւրայատուկ բանով՝ տալու եւ ստանալու մէջ։

Միասին քալել սէրով

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ սէրը միջեւ միշտ ըլլայ առաջին տեղ, նկատել տալով որ կազմաւորումին աշխատանքներու, մանկապարտէզներու, ժողովրդապետական գործունէութիւններուն, աղքատներու եւ վերջիններու ուշադրութիւն ցուցաբերելու միջոցաւ կը պատրաստեն հող մը երբեմն չոր եւ դժուար, սէր մշակելու ու այդ տարածքը կրօնական գիւղ դարձնելու համար, հարուստ աւետարանի բարի պտուղներով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, որ ինք վեց տարի եղած է ժողովրդապետ եւ այդ փորձառութիւնը կը կրէ իր սիրտին մէջ։ «Ժողովրդապետութիւնը օրհնուած վայր մըն է ուր մարդը կ՝երթայ սիրուած զգալու համար։ ժողովրդապետութեան մէջ իւրաքանչիւր անձ կը կրէ իր բեռը, որպէսզի կարողանայ զայն կիսել ուրիշին հետ եւ թեթեւցնել այդ ծանրութիւնը, նաեւ կիսելու անոր մէջ պարունակուած բարի բաները։ Նորին Սբրութիւնը զգուշաուց նաեւ որ ժողովրդապետութիւններուն մէջ ամենէն մեծ թշնամիէն որ է շատախօսութիւն ըսաւ Ան աւելցնելով որ շատախօսութիւնը կը սպաննէ ու պէտք չէ մէկը միւսին դէմ խօսիլ առանց դատապարտելու ոչ մէկը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար, Սուրբ Պետրոսէն եւ Սուրբ Պօղոսէն խնդրեց որ զօրացնեն ուխտաւորներուն հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, ապա յանձնելով Տիրամօր հովանիին, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը յանձնարարելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2023, 10:47