Որոնել

2023.05.04 Partecipanti al Convegno promosso dalla "Organizacion de Universidades Catolicas de Latinoamerica y el Caribe"

Մեզ պէտք են իրականութեան համայնապատկերի մակարդակի մտքեր, սրտեր, ձեռքեր․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Լատին Ամերիկայի եւ Կարիբեան աւազանի կաթողիկէ համալսարաններու կազմակերպութեան անդամները, որ Հռոմ հաւաքուած են՝ տօնելու հաստատութեան հիմնադրման 70ամեակը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 4 Մայիսին Քլեմենթինայ դահլիճէն ներս ընդունեց Լատին Ամերիկայի և Կարիպեան աւազանի կաթողիկէ համալսարաններու կազմակերպութեան (ODUCAL - Organización de Universidades Católicas de Latinoamérica y el Caribe) անդամները, որ Հռոմի մէջ հաւաքուած են՝ տօնելու համար հաստատութեան հիմնադրման 70ամեակը։

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Պապը նշեց, որ ODUCAL-ը ամէնէ մեծ կազմակերպութիւնն է Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան (FIUC) ծիրէն ներս, որ բաղկացած է 115 համալսարաններէ եւ ներկայիս ունի 1 միլիոն 500,000 ուսանողներ, աւելի քան 110,000 դասախօսներ։

Կաթողիկէ համալսարաններու խնդիրն է օգնել ձեւաւորելու «կաթողիկէ» ըլլալուն համահունչ մտքեր

Ան ապա շարունակեց խօսքը ըսելով, որ կաթողիկէ համալսարաններու խնդիրն է օգնել` ձեւաւորելու մտքեր, որոնք ընդունակ ըլլան դիտարկելու հետաքրքրութեան առարկան «կաթողիկէ» ըլլալուն համահունչ, որ կը նշանակէ ունենալ Քրիստոսի և աշխարհի, տղամարդու և կնոջ առեղծուածի համայնապատկերը:

«Մեզ պէտք են իրականութեան համայնապատկերի մակարդակի մտքեր, սրտեր, ձեռքեր», յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ որպէս օրինակ բերաւ Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ ժողովին եւ ժամանակակից Եկեղեցւոյ առնչուող Gaudium et spes Սահմանադրութիւնը, որ կը հաստատէ թէ «մարդկանց՝ յատկապէս աղքատներու եւ բոլոր անոնց, որ կը տառապին, ուրախութիւններն ու յոյսերը, տխրութիւններն ու տառապանքները, նաեւ Քրիստոսի աշակերտներու ուրախութիւններն ու յոյսերը, տխրութիւններն ու տառապանքներն են» (համար 1)։

«Gaudium et spes»ը՝ «կաթողիկէաբար» խօսելու օրինակ

«Gaudium et spes»ը «կաթողիկէաբար» կը խօսի մարդկային կեանքի մասին, անոր կը հետաքրքրէ մարդու ողջ գոյաբանական վիճակը՝ ուրախ թէ ցաւոտ, «որովհետև Աստուծոյ փառքը կը բնակի բոլորին մէջ», ընդգծեց Պապը եւ նկատել տուաւ, որ «երբ ուրախութիւնն այն աստիճան կը գրաւէ, որ կը խլացնէ մօտ ու հեռու, եւ նոյնիսկ սեփական ցաւի ձայնը, անիկա ուղղակի շնչահեղձ ընող հրճուանք է:

Վառ պահել Աստուծոյ կողմէ վառուած կրակը Լատին Ամերիկայի մէջ

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը համոզմունք արտայայտեց, որ անոնց համալսարաններու կողմէ խրախուսուող մտքի եւ սիրտի կաթողիկէութիւնը կարող է վճռական ներդրում ունենալ Լատին Ամերիկայի ցաւոտ վէրքերու բուժման գործին մէջ եւ քաջալերեց վառ պահել Աստուծոյ կողմէ վառուած կրակը Լատին Ամերիկայի մէջ։

«Այդ մէկը ընելու համար կարող է որ օգտակար ըլլալ «Համընդհանուր կրթական Դաշինքը», յարեց Նորին Սրբութիւնը՝ ընդգծելով, որ Կաթողիկէ համալսարանը պէտք է միսիոներական ըլլայ, հաշուի առնելով, որ առաքելութիւնը ողջ Եկեղեցւոյ ոգեշնչումն է, մղումը, ջանքերն ու պարգեւը:

Ըստ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի «առաքելութիւն» բառը ակադեմիական համատեքստին մէջ թարգմանաբար «հետազօտութիւն» կը նշանակէ, քանի որ հետազօտողն ունի միսիոներական միտք և սիրտ։

Ան ի վերջոյ եզրափակեց պատգամը մաղթելով որ Լատին Ամերիկայի եւ Կարիպեան աւազանի կաթողիկէ համալսարանները «որպէս առանձին ակադեմիական հաստատութիւններ և որպէս կաթողիկէ համալսարաններու ցանց, դառնան հետազօտական ​​կենտրոններ եւ գնահատուին ամբողջ աշխարհի մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 12:26