Որոնել

2023.01.25 VIDEOMESSAGGIO PAPA FRANCESCO GMG

Յոյսով լեցուն մասնակցեցէք Լիզպոնի ԵՀՕ. Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն

Յառաջիկայ մէկէն վեց օգոստոսին նախատեսուած Լիզպոնի ԵՀՕ մասնակցող երիտասարդներուն ուղղած լսատեսողական պատգամի մը մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը քաջալերէ զանոնք յոյսով դիտելու այդ օրերը ու կը յանձնարարէ լաւապէս պատրաստուիլ այդ ձեռնարկին ու խօսիլ նաեւ տարեցներուն հետ, որոնք «իմաստութիւն կը նուիրեն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լիզպոնի մէջ յառաջիկայ մէկէն վեց օգոստոսին նախատեսուած Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրերուն ժամկէտէն երեք ամիսներ առաջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը կը յղէ Փորթուկալ մեկնելու պատրաստուող երիտասարդներուն։ Պատգամը արձանագրած է Լիզպոնի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Ամերիքօ Մանուել Ալվէս Ակիարը` Քահանայապետին հետ, Տոմուս Սանթա Մարթային մէջ անցեալ 27 ապրիլին ունեցած հանդիպումի ընթացքին։

«Սիրելի երիտասարդներ, կը պատրաստուիք ԵՀՕ։ Երեք ամիսներ մնացած են» կ՛ըսէ Սրբազան Քահանայապետը պատգամին սկիզբը նշելով թէ կրնայ երեւակայել թէ ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ անոնց գլուխներէն, թէ մտածումի մէջ են ինչպէս իրագործել ճամբորդութիւնը, ինչպէս հրաման ու արձակուրդ խնդրել իրենց աշխատատեղիէն կամ ուսմունքէն, ինչպէս հայթայթել տոմսը...

«Բազմաթիւ մտահոգութիւններ, բայց մշտապէս նայելով հորիզոնին` յոյսի հորիզոնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «ԵՀՕ մասնակցիլը գեղեցիկ բան է» ու խրախուսելով «լաւապէս պատրաստուիլ» այդ ժամադրութեան, «յոյս դնելով» այդ պատրաստութեան մէջ, որովհետեւ «այդ օրերուն կարելի է աճիլ...մեր մէջ կը ներթափանցեն արժէքները, որոնց կը հանդիպինք, կապերը որոնք հաստատեցինք այլ երկիներու երիտասարդներուն հետ, հանդիպումները ու մանաւանդ երիտասարդներու ուժին ականատես ըլլալը»։

«Եկեղեցին ունի երիտասարդի մը ուժը, ուստի յառաջ ընթացէք» քաջալերեց Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւիրելով զանոնք լաւապէս պատրաստուելու, նայելով արմատներուն` հանդիպելով տարեցներուն հետ, այցելելով իրենց մամիկ պապիկները, անոնց հարց տալով` եթէ իրենց օրերուն գոյութիւն ունէին ԵՀՕ։ «Անոնք անպայման ոչ պիտի պատասխանեն, բայց ձեզի պիտի տան իմաստութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ պատգամը աւարտեց ըսելով. «Ձեզ կը սպասեմ Լիզպոն։ Ցտեսութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 13:00