Որոնել

Քահանայապետը օրհնեց եւ ստորագրեց «padel»-ի «զօրակցութեան խաղաթին»

Քահանայապետէն ստորագրուած եւ օրհնուած խաղաթին աճուրդի պիտի դրոււի վաղը 5 մայիսին եւ այդ աճուրդի հասոյթը պիտի տրամադրուի Վատիկանի «Սանթա Մարթա» բուժարանին, ի նպաստ այնտեղ խնամք ստացող աւելի քան 500 աղքատ ընտանիքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Չորեքշաբթի` 26 ապրիլ 2023ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը մինչ կ՛ողջուներ ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները հանդիպեցաւ ու զրուցեց նաեւ մարզիկներու խումբի մը հետ որոնք նորին Սրբութեան ներկայացուցին «padel»-ի «զօրակցութեան խաղաթին» զոր Սրբազան Պապը օրհնեց եւ ստորագրեց։

Մարզիկներու պատուիրակուիւնը կազմուած էր Արժանթինցի «փատելի» ախոյան Տելֆինա Պրեա, «International Padel Federation» ի նախագահ Լուիճի Քարրարօ, Փատելի Ամերիկեան ցամաքամասի դաշնակցութիւններու ներկայացուցիչ Տիեկօ Միլլըր, Bullpadel-ի նախագահ Ալֆրետօ Փենիալվէր, եւ «Vatican Padel»ի տնօրէն Ալեսսանտրա Թուրքօ։

Քահանայապետէն ստորագրուած եւ օրհնուած խաղաթին աճուրդի պիտի դրուի վաղը` 5 մայիսին եւ այդ աճուրդի հասոյթը պիտի տրամադրուի Վատիկանի «Սանթա Մարթա» բուժարանին, ի նպաստ այնտեղ խնամք ստացող աւելի քան 500 աղքատ ընտանիքներուն։

Յայտնենք թէ արժանթինցի մարզիկ եւ փատելի ախոյան Տելֆինա Պրէան, 23 տարիներ առաջ սուրբ մկրտութեան խորհուրդը ընդունած էր այդ ժամանակուայ Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի ձեռամբ եւ ահա 23 տարիներ ետք այդ Արքեպիսկոպոսին ձեռքերը սեղմեցին Տելֆինային ձեռքերը քաջալերելու համար զայն մարզական այս զօրակցական ձեռնարկին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 13:56