Որոնել

Ռուանտայի մէջ տեղատարափ անձրեւ ու ջրհեղեղներ Ռուանտայի մէջ տեղատարափ անձրեւ ու ջրհեղեղներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Ռուանտայի մէջ ջրհեղեղի զոհերուն համար

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Պապական նուիրակ գերապայծառ Արնալտօ Քաթալանի յղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը ապահովուեց Ափրիկէի մէջ տեղատարափ անձրեւներու թիրախ աւելի քան 130 զոհերուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

3-էն 4 մայիսին լուսցող գիշեր, Ռուանտայի արեւմտեան եւ հիւսիսային նահանգներու մէջ տեղատարափ անձրեւի պատճառով տեղի ունեցած են ջրհեղեղներ, որոնց պատճառով մահացած են աւելի քան 130 անձեր ու կործանուած են ճամբաներ ու շէնքեր։

Այս բնակական տխուր արկածին առիթով, հինգշաբթի, 4 մայիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ցաւակցական հեռագիր յղեց Ռուանտայի մէջ Պապական նուիրակ, գերապայծառ Արնալտօ Սանչեզ Քաթալանին, որուն մէջ կը կարդանք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ խոր ցաւով իմանալով վերջերս ջրհեղեղներու պատճառով մարդկային կեանքերու կորուստի լուրը Իր աղօթքը կ՝ապահովէ մեռեալներուն, վիրաւորներուն, տեղահաններուն, ինչպէս նաեւ մարդկային օգնութեան հասնող անձերուն համար։

«Հոգեւոր մօտիկութեան ի նշան, Ֆրանչիսկոս Պապ Ռուանտայի ժողովուրդին վրայ կը հայցէ Աստուածային խաղաղութեան եւ զօրութեան օրհնութիւնը», գրած է կարդինալ Փարոլին հեռագիրին մէջ։

Նշենք, թէ Ռուանտայի մէջ տեղատարափ անձրեւի թիրախ քաղաքներու մէջ կը շարունակուին շտապ օգնութեան աշխատանքները, կեդրոնանալով վերապրողներուն որոնումին վրայ, զոհերու թաղման ինչպէս նաեւ բնակարան գտնելու վրայ` անտուն մնացած անձերուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2023, 09:54