Որոնել

Religious ceremonies of the 12th and 13th May Pilgrimage to Fatima Sanctuary, Portugal

Օգոստոսին Քահանայապետը կը մեկնի Լիզպոն ԵՀՕ առիթով ու հանգրուան կը կատարէ Ֆաթիմայի սրբավայր

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 1էն 6 օգոստոս Փորթուկալ կատարելիք ճամբորդութիւնը, նշելով` որ Ան հանգրուան պիտի կատարէ նաեւ Ֆաթիմայի սրբավայր
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ 1էն 6 օգոստոսին Լիզպոնի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն առիթով Փորթուկալ կատարելիք ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը` 5 օգոստոսին պիտի այցելէ Ֆաթիմայի Սրբավայրը»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` տիար Մաթթէօ Պրունի, հաստատելով, թէ «Յառաջիկայ ԵՀՕ առիթով եւ ընդառաջելով Փորթուկալի քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններու հրաւէրին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը Լիզպոն պիտի մեկնի այս տարուայ մէկէն վեց օգոստոսին, հինգ օգոստոսին այցելութիւն տալով Ֆաթիմայի Սրբավայրին»։

Այս պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին երկրորդ այցելութիւնը Ֆաթիմայի Սրբավայր, զոր ան այցելած էր 2017 թուականի 12 եւ 13 մայիսին, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ երեւումներու հարիւր ամեակին առիթով։

Իսկ ինչ կը հայի ԵՀՕ հաւաքին, Լիզպոնի հաւաքը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գլխաւորած չորրորդը` Պրազիլէն 2013, Քրաքովիայէն 2016 եւ Փանամայէն ետք որ տեղի ունեցաւ 2019ին։

Աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն միլիոնաւոր երիտասարդներ իրար մօտ բերող այս տարուայ ձեռնարկին տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ ինչպէս նշեցինք Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ։ Ան նախապէս պիտի կայանար 2022ին, այնպէս ինչպէս յայտարարած էր Ֆրանչիսկոս Պապը 27 Յունուար 2019ին Փանամայի ԵՀՕ աւարտին, սակայն Քորոնավիրուսի համավարակի հետեւանքով յետաձգուեցաւ մէկ տարիով։

Երիտասարդութեան համաշխարհային 38րդ հաւաքի բնաբանը քաղուած է Ղուկասի աւետարանէն (Ղուկ 1,39) ու կը հայի Սուրբ Կոյս Մարիամի իր զարմուհի Եղիսաբեթին տուած այցելութեան, ուր աւետարանիչը կը գրէ «Ան փութով ոտքի ելաւ եւ գնաց»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2023, 12:00