Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆաթիմայի Տիրամօր առջեւ 2017ին Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆաթիմայի Տիրամօր առջեւ 2017ին 

Քահանայապետին թուիթը Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին առիթով

«Ֆաթիմայի Տիրամայրը` Յիսուսին ու մեր Մայրը, թող մեզի օգնէ կառուցելու դէպի խաղաղութիւն տանող հանդիպումի ուղիներ եւ երկխօսութեան արահետներ, ու քաջութիւն պարգեւէ զանոնք ի գործ դնելու անյապաղ։ #ՄիասինԱղօթենք:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի 13 մայիսին կը յիշատակուի Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնը, եւ նոյն օրը յիշատակն է նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ –ի դէմ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գործադրուած ահաբեկչական արարքին, թրքահպատակ ազգայնամոլ Ալի Աքչայի ձեռքով։

Արդարեւ 13 մայիս 1917-ին է որ Փորթուկալի` Ֆաթիմա գիւղաքաղաքին մէջ Տիրամայրը առաջին անգամ երեւցաւ երեք փոքր հովիւներուն՝ ֆրանչեսքօ, Ճաչինթա եւ Լուչիյային, մինչ անոնք իրենց ոչխարները կ՝արածէին ֆաթիմա գիւղաքաղաքի՝ Քոնքա տի Իրիա կոչուած վայրին մէջ։

Երեւումներու ընթացքին Տիրամայրը  երեք հովիւներէն խնդրած է, որ ճգնաժամ աղօթեն Սուրբ Վարդարանը. ''Աղօթեցէք` շատ աղօթեցէք եւ զոհողութիւններ կատարեցէք մեղաւորներուն համար, անոնցմէ շատերը դժոխք պիտի երթան, որովհետեւ իրենց համար աղօթող չկայ ….» ըսած էր Տիրամայրը երեք այդ փոքրիկ հովիւներուն, որոնցմէ երկուքը` որոնք եղբայրներ էին, ֆրանչեսքոն եւ Ճաչինթան իրենց մահկանացուն կնքեցին մի քանի տարիներ ետքը` Ֆրանչեսքոն 1919-ին եւ Ճաչինթան 1920-ին, մինչ Լուչիան ընտրեց կրօնաւորական կեանքը եւ վանք քաշուեցաւ ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը` 13 փետրուար 2005-ին։

Կաթողիկէ Եկեղեցին երեւումներուն գերբնականութիւնը ճանչցաւ 1930-ին՝ արտօնելով անոր պաշտամունքը։

Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ֆաթիմայի Տիրամայրը` Յիսուսին ու մեր Մայրը, թող մեզի օգնէ կառուցելու դէպի խաղաղութիւն տանող հանդիպումի ուղիներ եւ երկխօսութեան արահետներ, ու քաջութիւն պարգեւէ զանոնք ի գործ դնելու անյապաղ։ #ՄիասինԱղօթենք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2023, 13:30