Որոնել

Րաբունապետ Աբրահամ Սքորքա Րաբունապետ Աբրահամ Սքորքա 

Ֆրանչիսկոս Պապին Րաբունապետ Աբրահամ Սքորքայի յղած շնորհաւորական գիրը

«Թրնաւա» համալսարանի Աստուածաբանութեան մասնաճիւղէն պատուոյ դոկտորի կոչում ստացաւ Րաբունապետ Աբրահամ Սքորքան

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սլովաքիոյ Պրաթիզլաւ մայրաքաղաքի «Թրնաւա» համալսարանին Աստուածաբանութեան մասնաճիւղէն պատուոյ դոկտորի կոչում ստացաւ Արժանթինցի Րաբունապետ Աբրահամ Սքորքան, միջ կրօնական երկխօսութեան զարգացման գործին ի նպաստ սատարած նպաստին համար։

Վերոյիշեալ համալսարանի Աստուածաբանութեան մասնաճիւղը ղեկավարուած է Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն կողմէ, որ յատուկէն նուիրուած է Հրէականութեան հետ երկխօսութեան խորացման։

Պատուոյ դոկտորի կոչումին արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնած է Սլովաքիոյ Թրնավա համալսարանին Րաբունապետ Աբրահամին շնորհած պատուոյ կոչումին համար՝ Անոր միջ կրօնային եւ հրէաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութեան գործընթացքին սատարած նպաստին համար։

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, թէ ինք բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը ճանչնայ Րաբունապետը ու երախտապարտ է՝ անոր երկխօսութեան ի սպաս տածած գործունէութեան համար, յատուկէն Հրէաներու եւ Քրիստոնեաներու միջեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնած է Րաբունապետին հետ բարեկամութեան եւ իմաստութեան պարգեւը փորձարկելուն համար, ապա յատկանշական նկատած է Թրնաւա համալսարանէն ներս պատուոյ դոկտորի կոչումը ստանալը, դիտել տալով, որ այդ համալսարանը 17-րդ դարուն հիմնուած է Յիսուսեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն կողմէ մինչ Թրնաւա քաղաքին մասին արտայայտուելով նշած է, թէ ան «Հրեայ ժողովուրդի համար ցաւալի պատմութեամբ քաղաք է»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ նշած է, որ Րաբունապետը իր բոլոր կեանքին ընթացքին միշտ որոնած է ընդգծելու, թէ կրօնային աւանդութիւնները իսկական կերպով ապրիլը, մարդկային իրաւունքները յարգելը երբեք պէտք չէ հակասութեան մէջ դրուին, մաղթելով, որ երկխօսութեան յանձնառութիւնը, խաղաղ եւ արդար համակեցութիւնը միշտ աւելիով յատկանշէ կանանց եւ մարդոց միջեւ կապերը, ինչ որ ըլլայ անոնց կրօնքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտած է ապահովելով իր աղօթքը որպէսզի այս ուրախալի առիթը յատուկէն ամրապնդէ քրիստոնեաներու եւ հրէաներու միջեւ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ միջ կրօնայինը, հայցելով Րաբունապետին վրայ Աստուածային առատ օրհնութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2023, 12:46