Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան եւ կրօնայի հետազօտութիւններու թագաւորական հաստատութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան եւ կրօնայի հետազօտութիւններու թագաւորական հաստատութեան անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Քրիստոնեաները եւ իսլամները երկխօսութեան մէջ՝ բոլորին համար խաղաղութեան եւ արժանապատուութեան աշխարհ մը աճեցնելու համար»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը միջ կրօնային երկխօսութեան համար վերատեսչութեան եւ «Royal Institute for Inter-Faith Studies» միջ կրօնական հետազօտութիւններու համար թագաւորական հաստատութեան միջեւ կայացած 6-րդ հանդիպումի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 4 մայիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջ կրօնային երկխօսութեան համար վերատեսչութեան եւ «Royal Institute for Inter-Faith Studies» միջ կրօնական հետազօտութիւններու համար թագաւորական հաստատութեան միջեւ կայացած 6-րդ հանդիպումի մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնելով սոյն հանդիպումին համար նշեց թէ այս 6-րդ հանդիպումը ցոյց կու տայ հաստատակամութիւնը միջ կրօնային եւ միջ մշակութային երկխօսութեան ուղեւորութեան մէջ, ինչպէս նաեւ վկայութիւն է հաւատարիմ բարեկամութեան մը, որ կը շարունակուի չնայած անձերու եւ պարտականութիւններու փոփոխութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Յորդանանի Ապտուլլա Բ թագաւորին քրիստոնեայ հասարակութիւններու նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան համար, «ոչ միայն Յորդանանի մէջ այլեւ միջին արեւելքին մէջ, յատուկէն բռնութիւններով եւ պատերազմներով յատկանշուած ժամանակներուն մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յիշելով5 թէՄիջ կրօնական հետազօտութիւններուն թագաւորական հաստատութիւնը՝ Էլ Հասան Պին Թալալ իշխանի լուսաւոր առաջնորդութեան ներքոյ իր հիմնական նպատակներու շարքին ունի քրիստոնեայ արաբական ժառանգութեան պահպանումն ու արժէքաւորումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ միջ կրօնային երկխօսութեան համար վերատեսչութեան եւ կրօնական հետազօտութիւններու համար թագաւորական հաստատութեան կողմէ կիրարկուած եւ խթանուած երկխօսութիւնը պտղաբեր դառնալու համար կը պահանջէ անկեղծութիւն եւ փոխադարձ յարգանքի ոճ, թէ՛ զուգամերձութեան եւ թէ՛ տարակարծութիւններուն գիտակցութեան մէջ, շեշտելով, թէ պէտք է կեդրոնանալ այն բաներուն վրայ, որոնք կը միացնեն՝ ըլլայ հոգեւոր – կրօնական, ըլլայ բարոյական մակարդակի վրայ ու այս առնչութեամբ յայտնեց, թէ վերոյիշեալ երկու հաստատութիւնները կ՝առաջարկեն ընդգծել բազմաթիւ ընդհանուր արժէքներ, ինչպէս պաշտամունքը մէկը Աստուծոյ, աղօթքը, ծոմապահութիւնը, ուխտագնացութիւնը, բաժնեկցութիւնը, դիւրաբեկ եւ տառապող անձերուն խնամքը ՝ ինչպէս որբը, հիւանդը, ծերը, գաղթականը, փախստականը։

«Կը հաւատանք նաեւ, թէ ոչ ամէն բան վերջ կը գտնէ մահով, այլ կայ այլ յաւիտենական կեանք մը՝ ուր Աստուծոյ հաշիւ պիտի ներկայացնենք մեր արարքներուն համար ու պիտի ստանանք պատիժ կամ վարձատրութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւն։ Ան պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն հանդիպումին համար, ապա հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը, երկու հաստատութիւններուն ՝արժանապատուութեան, անվտանգութեան, խաղաղութեան մէջ, որպէս եղբայրները եւ քոյրեր ապրելու աշխարհը մը կառուցելու նպատակաւ թափած ջանքերու վրայ ու խնդրելով ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2023, 10:54