Որոնել

Palestinians and Israelis resume normal life after Gaza truce, in Deir Al-Balah

«Զէնքերով կը շարունակենք ոչնչացնել նոյնիսկ խաղաղութեան յոյսը». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը մաղթեց որ Իսրայէլացիներուն ու Պաղեստինցիներուն միջեւ ձեռք բերուած զինադադարը շարունակուի, ողջունեց Քարիթասի անդամները եւ հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը ապա Մայրերու տօնին առիթով յիշեց ու շնորհաւորեց բոլոր մայրերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 14 մայիս 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ողջ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը սովորութեան համաձայն ողջունեց կիրակնօրեայ աղօթքին մասնակցող Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները, ու այս առթիւ ակնարկեց այս օրերուն Իսրայէլացիներուն ու Պաղեստինցիներուն միջեւ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն, «որոնց ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին անմեղ մարդիկ, նաեւ մանուկներ եւ կիներ» ըսաւ Քահանայապետը, մաղթանք յայտնելով, որ «ձեռք բերուած զինադադարը դառնայ կայուն, լռեն զէնքերը, որովհետեւ զէնքերով երբեք կարելի չէ ձեռք բերել անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը, ընդհակառակը կը շարունակուի ոչնչանալ նոյնիսկ խաղաղութեան որեւէ յոյս» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա ողջունեց տարբեր երկիրներէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորները հուսկ յատուկէն ողջունեց Միջազգային Քարիթասի անդամները` որոնք, ըսաւ Ան «ընտրեցին իրենց նոր նախագահը» խրախուսելով յառաջ ընթանալ բարեփոխումներու ուղիին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց ապա թէ այսօր շատ մը երկիրներուն մէջ կը տօնախմբուի Մայրերու օրը. «Երախտագիտութեամբ ու սիրով յիշենք բոլոր մայրերը, անոնք` որոնք տակաւին մեր հետ են ու անոնք` որոնք երկինք մեկնեցան, զանոնք յանձնելով Մարիամին` Յիսուսին մօրը», ըսաւ Սրբազան Պապը խնդրելով ծափողջոյնով ընկալել մայրերուն տօնը, ապա հրաւիրեց դիմել Սուրբ Կոյսին նաեւ` որպէսզի սփոփէ Ուքրանիոյ ու միւս բոլոր երկիրներուն տառապանքները, որոնք վիրաւոր են պատերազմներէ եւ բռնութիւններէ։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2023, 12:41