Որոնել

Controlli regolari per il Papa, continua la fisioterapia

Քահանայապետը Ճեմելլի հիւանդանոցէն պիտի ելլէ վաղը` 16 Յունիսի առաւօտուն

Քահանայապետը խնամող բուժանձնակազմը հաստատեց Անոր դուրս գալը Ճեմելլի հիւանդանոցէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունի` Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական իրավիճակի մասին հինգշաբթի 15 Յունիսին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ հաստատեց- թէ «Ֆրանչիսկոս Պապին հետեւող բուժանձնակազմը հաստատած է Սրբազան Հօր Gemelli բազմաբուժարանէն դուրս գալը վաղը` ուրբաթ, 16 Յունիսի առաւօտեան»:

Մաթթէօ Պրունի ի միջի այլոց նշեց նաեւ թէ բուժանձնակազմը կը տեղեկացնէ որ Քահանայապետը լաւապէս հանգստացաւ անցեալ գիշեր ու թէ անոր ապաքինման ընթացքը կ՛ընթանայ կանոնաւոր կերպով»։

Պրունի նշեց նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր առաւօտեան ընդունեց իր վիրահատական գործողութիւնը համադրող անձնակազմի ադամները, ապա հանդիպեցաւ Գերապայծառ Քլաուտիօ Ճուլիոտորիի հետ, որ Կաթողիկէ Համալսարանի ընդհանուր եկեղեցական վարիչն է որուն կ՛ընկերանար Հայր Նունցիօ Քուրաօն, որ բազմաբուժարանի անձնակազմի հոգեւոր վարիչն է։ Ան ապա ընդունեց Ճեմելլի բազմաբուժարանի Հիմնարկի ներկայացուցիչները, Բազմաբուժարանի ընդհանուր տնօրէնի եւ ղեկավար մարմիններու հետ միասին։

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց ապա Ճեմելլի հիւանդանոցի Մանկական ուռուցքաբանութեան և մանկական նյարդավիրաբուժութեան բաժանմունքը հանդիպելով այնտեղ խնամուած մանուկներուն հետ ու անոնցմէ իւրաքանչիւրին նուիրելով վարդարան ու գիրք մը։

Նորին Սրբութիւնը ի վերջոյ շնորհակալութիւն յայտնեց առողջապահութեան գործիչներուն, անոնց արհեստավարժութեան ու դիմացինի տառապանքը բացի թեղերէն, քնքշութեամբ և մարդասիրութեամբ մեղմացնելու ջանքերուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2023, 13:00