Որոնել

«Քոնսոլաթա» միսիոնարներու միաբանութեան նուիրեալներ «Քոնսոլաթա» միսիոնարներու միաբանութեան նուիրեալներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Քոնսոլաթա» միաբանութեան անդամներուն «Վերակենդանացնել աւետարանի կենդանի լոյսը տարածելու փափաքը»

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը «Քոնսոլաթա» միսիոնարներու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր, հայր Սթէֆանօ Քամերլենկոյին, 22էն – 25 յունիսին միաբանութեան տարեկան 16-րդ ընդհանուր ժողովին առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ 12 յունիս, թուակիր նամակով ուղերձ մը յղեց »Քոնսոլաթա» միսիոնարներու միաբանութեան անդամներուն, 22էն – 25 յունիսին միաբանութեան տարեկան 16-րդ ընդհանուր ժողովին առիթով։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց միսիոնարներուն՝ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան համար քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց առաքելութիւնը՝ բացայայտելով հոգեւոր եւ հովուական ծառայութեան ուղիները։

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով «Նուիրուած առաքելութեան համար, վկաներ կը դառնաք աշխարհի բոլոր ծայերուն» ընդհանուր ժողովի նիւթին ,ողջունեց միաբանութեան անդամները մաղթելով անոնց որ սոյն ընդհանուր ժողովը իւրաքանչիւրին մէջ վերակենդանացնէ Քրիստոսին հաւատարիմ մնալու առաջադրութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձին մէջ քաջալերեց վերոնշեալ միաբանութեան անդամները բացայայտելու հոգեւոր եւ հովուական ծառայութեան ուղիներ՝ հետապնդելու համար՝ վերանորոգուած սլացքով միաբանութեան առաքելութեան, ինչպէս նաեւ սնուցանելու համար՝ Աստուածային շնորհքի եւ աղօթքի օգնութեամբ Աւետարանի կենդանի լոյսը տարածելու փափաքը, ամենուրեք, յատուկէն գոյութենական արուարձաններու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը աւարտած է շնորհակալութիւն յայտնելով միաբանութեան անդամներուն՝ եկեղեցւոյ մատուցած վեհանձն ծառայութեան, ապա հայցելով Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը ընդհանուր ժողովին աշխատանքներու համար փոխանցեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2023, 07:59