Որոնել

Յունաստանի մէջ գաղթականներ փոխադրող նաւ Յունաստանի մէջ գաղթականներ փոխադրող նաւ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Յունաստանի ափերուն գաղթականները փոխադրող խորտակուած նաւին առիթով

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր յղեց Յունաստանի մէջ պապական Նուիրակ գերապայծառ Ժան Ռոմէօ Փավլովքիին ապահովելով Նորին Սրբութեան աղօթքը վերապրողներուն եւ վիրաւորներուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 14 յունիսին վաղ առաւօտեան Յունաստանի ափերու մօտ հարիւրաւոր մարդիկ տեղափոխող գաղթականներու նաւ մը խորտակուած է։ Առնուազն 79 մարդ զոհուած է:

Ընդամէնը 104 գաղթականներ, որոնք կը ճանապարհորդէին նաւով, կրցած են դուրս բերել ջուրէն ու տեղափոխել Քալամաթա քաղաք: Յստակ չէ, թէ քանի մարդ եղած է նաւուն վրայ, երբ այն խորտակուած է: Փրկուածները կ'ըսեն, որ այնտեղ կրնար ըլլալ 750 ուղեւոր:

Այս տխուր առիթով, Հինգշաբթի, 15 յունիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր յղեց Յունաստանի մէջ պապական Նուիրակ գերապայծառ Ժան Ռոմէօ Փավլովքիին նշեով, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս անհանգստացած է իմանալով Յունաստանի ափերուն խորտակուած նաւու մասին որ պատճառեց մարդկային բազմաթիւ կորուստներ։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը, Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը ապահովեց բազմաթիւ գաղթականներուն համար, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու բոլոր անոնց որոնք խռովուած են այդ ողբերգութենէ։

Կարդինալ Փարոլին ցաւակցագիրը աւարտած է նշելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապ Ամենակալէն կը հայցէ վերապրողներուն, շտապ օգնութեան հասնող անձերուն վրայ յոյսի, ուժի եւ յարատեւութեան պարգեւները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2023, 14:31