Որոնել

«Համբերութեամբ մշակենք այն ինչ որ Տէրը սերմանեց մեր կեանքի արտին մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մեզի համար դիւրին է. միւսներուն որոմները տեսնել բայց դժուար է գիտնալ նշմարել ցորենը, որ անոնց մէջ կ՛աճի» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա նշեց, թէ «եթէ կ՛ուզենք մշակել կեանքին արտը կարեւոր է նախ եւ առաջ փնտռել Աստուծոյ գործը, սորվիլ միւսներուն, աշխարհին ու մեր մէջ տեսնել Տիրոջ սերմին գեղեցկութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 Յուլիս 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի կողքին ունենալով մեծ մայր մը ու անոր թոռնիկը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին, ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ, քաղուած էր Մատթէոս Աւետարանիչէն (13,24-43) ուր Յիսուս կը ներկայացնէ որոմին առակը։

Աշխարհին մեծ արտը

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը դիտել տուաւ, թէ կան երեք տեսակ արտեր` որոնցմէ առաջինը աշխարհին մեծ արտն է` ուր Աստուած ցորեն կը ցանէ ու չարը որոմ, եւ անոնք միասին կ՛աճին, լաւ եւ գէշ։

«Այս կը նշմարենք իրադարձութիւններուն մէջ, ընկերութեան ու նաեւ ընտանիքին եւ Եկեղեցւոյ մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ «երբ չար խոտը կը տեսնենք կ՛ուզենք զայն անմիջապէս արմատախիլ ընել», բայց Տէրը այսօր մեզ կը զգուշացնէ փորձութենէ մը. «Կարելի չէ կատարեալ աշխարհ մը ստեղծել ու կարելի չէ բարիք ընել կործանելով այն բաները, որոնք չենք գործեր, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ ժխտական հետեւանք ունենալ ու որոմին հետ ցորենն ալ կը վատնենք»։

Սրտին արտը

Երկրորդ արտը զոր պէտք է մաքրենք` սրտին արտն է. «Այնտեղ եւս կան ցորենն ու որոմը։ Մեր սիրտը մշակելու համար պէտք է մէկ կողմէն անոր հոգ տանիլ հետեւողական կերպով եւ միւս կողմէն արմատախիլ ընել չար խոտերը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ այդ մէկը կարելի է ընել խղճի քննութեան միջոցաւ, երբ Աստուծոյ լոյսին ներքոյ կրնանք ստուգել թէ ինչ կը պատահի այդ արտին մէջ»։

Միւսներուն արտը

Քահանայապետը ապա խօսեցաւ դրացիներու արտին մասին, «այն անձերը` որոնց կը հանդիպինք ամէն օր եւ որ յաճախ կը քննադատենք»։

«Մեզի համար դիւրին է անոնց որոմները տեսնել բայց դժուար է գիտնալ նշմարել ցորենը, որ կ՛աճի» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա նշեց, թէ «եթէ կ՛ուզենք մշակել կեանքին արտը կարեւոր է նախ եւ առաջ փնտռել Աստուծոյ գործը, սորվիլ միւսներուն, աշխարհին ու մեր մէջ տեսնել Տիրոջ սերմին գեղեցկութիւնը, ուստի հայցենք շնորհքը` որպէսզի զայն նշմարենք միւսներուն մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու` եթէ մենք գիտենք յաղթել միւսները դատելու փորձութիւնը, եթէ ազնիւ ենք մեր մէջ փնտռելու չար բոյսերը ու վճռակամ զանոնք նետելու Աստուծոյ ողորմութեան կրակին մէջ ու նաեւ եթէ իմաստութիւնն ունինք տեսնելու միւսներուն մէջ բարին։

«Թող Տիրամայրը մեզի օգնէ որպէսզի համբերութեամբ մշակենք այն ինչ որ Տէրը սերմանեց մեր կեանքի արտին մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2023, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >