Որոնել

Մարեմեան Աղօթքի մասնակցող հաւատացեալներ Մարեմեան Աղօթքի մասնակցող հաւատացեալներ  (Vatican Media)

«Տէրը ողորմէ մեզի եւ մարդկային ընտանիքը ազատէ պատերազմի պատուհասէն». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին ողջոյնի խօսքերը Մարեմեան Աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներուն։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Դժբախտաբար այսօր եւս կը կրկնուին անցեալի ողբերգութիւններ։ Ի՞նչպէս կարելի է այս մէկը։ Յիշողութիւնը կորսնցուցի՞նք։ Տէրը թող ողորմէ մեզի եւ մարդկային ընտանիքը ազատէ պատերազմի պատուհասէն»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 16 Յուլիսի Մարեմեան աղօթքի աւարտին, սուրբ Պետրոս հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսին մէջ, յիշելով ութսուն տարիներ առաջ` 19 Յուլիս 1943ին, Հռոմի որոշ թաղամասերուն ու մասնաւորապէս Սան Լորէնցօ թաղամասի ռմբակոծումը եւ այդ ողբերգական արարքէն ետքը երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ Քահանայապետին որոշումը այցելելու այդ թաղամասերը եւ մօտիկ ըլլալու սարսափած բնակչութեան։

Այս յիշատակէն մեկնելով Քահանայապետը անգամ մը եւս աղօթք խնդրեց «Ուքրանիոյ սիրելի ժողովուրդին համար», ապա յատուկէն ողջունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն զանազան խումբերը մասնաւորապէս «Վերնատուն հասարակութիւնը» որ «քառասուն տարիներէ ի վեր վայր է հիւրընկալութեան եւ մարդկայնութեան խթանումին», ըսաւ Սրբազան Պապը իր օրհնութիւնները շնորհելով հասարակութեան անդամներուն։

Ան ողջունեց ապա բոլոր ժողովրդապետութիւնները որոնք ամառուան այս շրջանին իրենց կեդրոններուն մէջ յատուկ ծրագիրներ կը մշակեն պատանիներուն համար, յիշելով թէ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ նաեւ Վատիկանի մէջ, այս ուղղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով քահանաներուն, մայրապետներուն եւ կամաւորներուն ու ընտանիներուն, իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց ուխտաւորներու այլ խումբեր ապա հրաժեշտ առնելով բոլորէն մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2023, 12:22