Որոնել

Pope Francis leads the Angelus prayer from his window, at the Vatican

Մարեմեան աղօթք. Տարեցներ երիտասարդներուն յանձնեցին ԵՀՕ խաչը

«Սիրելի մեծ մայրեր ու սիրելի մեծ հայրեր այս է ձեր պարտականութիւնը։ Եւ դուք երիտասարդներ եղէք զօրաւոր այս հաւատքի նշանով զոր ընդունեցանք որպէս պարգեւ Մկրտութեամբ, որպէսզի կարողանաք աճիլ Քրիստոսի սիրոյն ճանաչողութեամբ ու զայն վկայել աշխարհին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 Յուլիսը յատուկ նշանակութեամբ օր մը եղաւ Վատիկանի մէջ։ Այդ օր կը յիշատակուէր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած մամիկ պապիկներու ու տարեցներու միջազգային երրորդ օրը, որ այս տարի զուգադիպեցաւ այլ մէկ համաշխարհային օրուան` Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոս ամսուայ սկիզբը Լիզպոն քաղաքին մէջ։

Այս երկու օրերը կարծէք միահիւսուած էին ու Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց զանոնք իրարու կապել տարեցներու օրուան առիթով սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին կատարուած յատուկ մէկ արարողութեամբ, երբ հինգ տարեցներ մօտեցան պազիլիքայի խորանի ոտքին ու հինգ երիտասարդներու վիզին անցուցին ԵՀՕ խաչը, որպէս կտակի փոխանցում մինչ Քահանայապետը կ՛արտասաներ սաղմոսերգուին խօսքերը ու Սուրբ Պօղոսի Կորընթացներուն ուղղած առաջին նամակէն քաղուած (1, 18) հետեւեալ խօսքը «բոլորս կոչուած ենք երիտասարդներուն փոխանցելու խաչին Խօսքը, փրկութեան համար Աստուծոյ իմաստութիւնն ու զօրութիւնը»։

«Սիրելի մեծ մայրեր ու սիրելի մեծ հայրեր այս է ձեր պարտականութիւնը։ Եւ դուք երիտասարդներ եղէք զօրաւոր այս հաւատքի նշանով, զոր ընդունեցանք որպէս պարգեւ Մկրտութեամբ, որպէսզի կարողանաք աճիլ Քրիստոսի սիրոյն ճանաչողութեամբ ու զայն վկայել աշխարհին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սուրբ պատարագէն ետքը Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին եւս ակնարկեց Տարեցներու եւ Երիտասարդներու համաշխարհային օրերու զուգադիպութեան նշելով, որ իր կողքին կը գտնուին երիտասարդ մը ու մեծ մայր մը` «թոռնիկ մը ու մեծ մայրը», որոնց համար ծափահարութիւններ խնդրեց։

«Այս երկու օրերուն մօտիկութիւնը թող ըլլայ հրաւէր սերունդներու միջեւ դաշինք մը խթանելու։ Դաշինք` որուն մեծ կարիքը կայ այսօր, որովհետեւ ապագան կը կառուցուի միասին, փորձառութիւններու բաժնեկցութեամբ եւ տարեցներու ու երիտասարդներու միջեւ փոխադարձ հոգատարութեամբ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով չմոռնալ զանոնք ու նաեւ ծափահարութիւն խնդրելով բոլոր մամիկ պապիկներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2023, 12:43