Որոնել

Protest in Pakistan against burning of Koran copy in Stockholm

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Վրդովուած եմ Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզումէն»

Սրբազան Քահանայապետը այսօր հարցազրոյց տուաւ «Al-Ittihad» թերթին. Մարդկային եղբայրութեան մասին փաստաթուղթի կարեւորութիւնը եւ մեծահասակներու պարտաւորութիւնն է՝ չդարձնել երիտասարդները պատրանքներու եւ քաղաքակրթութիւններու բախումներուն զոհ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Ես զայրոյթ եւ գարշանք կը զգամ այդ գործողութիւններրուն նկատմամբ։ Ցանկացած գիրք, որ սուրբ նկատուած է իր ժողովուրդի կողմէ, պէտք է յարգուի՝ առ ի յարգանք անոր հաւատացեալներու, ու խօսքի ազատութիւնը պէտք չէ երբեք պատրուակ օգտագործուի՝ արհամարհելու ուրիշները»։ Սա եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի մեկնաբանութիւնը վերջին օրերուն Շուէտի մէջ  Քորանի օրինակներու հրկիզումի առնչութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  «Al-Ittihad» թերթի տնօրէն Համատ Ալ-Քաապիին հետ երկխօսութեան ընթացքին։

Առաջին անգամն է, որ Քահանայապետ մը հարցազրոյց կը շնորհէ արաբերէն լեզուով պարբերականի մը։

Անոր սկիզբը Սրբազան Պապը կ’անդրադառնայ վերջին վիրահատութիւնէն ետք իր առողջական վիճակին․ «Դժուար պահ էր, սակայն այժմ, փառք Աստուծոյ, աւելի լաւ եմ՝ շնորհիւ բժիշկներու և բուժական անձնակազմի նուիրուածութեան և արհեստավարժութեան, որոնց շատ շնորհակալ եմ և կ’աղօթեմ անոնց եւ անոնց ընտանիքներու եւ բոլոր այն անձերու համար, որ գրած և աղօթած են ինծի համար այս օրերուն»:

Յիշելով 2019ին Ապու Տապի կատարած իր այցը, Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու և Շէյխ Մոհամմատ Պին Զայետ Ալ Նահեանի՝ եղբայրութիւն, խաղաղութիւն եւ հանդուրժողականութիւն տարածելու գործին մէջ ստանձնած յանձնառութեան համար եւ կը խնդրէ, որ թոյլ չտրուի, որ երիտասարդները դառնան մեծահասակներու պատրանքներու եւ քաղաքակրթութիւններու բախումներուն զոհ։

«Երիտասարդներուն բացասական հաղորդագրութիւններէն, կեղծ ու յօրինուած լուրերէն, նիւթապաշտութեան, ատելութեան ու նախապաշարմունքներու գայթակղութիւններէն պաշտպանելու միակ միջոցը անոնց այս պայքարի մէջ միայնակ չթողնելն է, այլեւ անհրաժեշտ գործիքներով ապահովելը, որ է՝ ազատութիւնը, զատորոշումը և պատասխանատուութիւնը», կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս աւելցնելով, որ անոնք են ներկան, եւ անոնց համար ներդնել  կը նշանակէ երաշխաւորել շարունակականութիւն»՝ մշտապէս հետեւելով «մի՛ ըներ ուրիշին այն, ինչ որ չես ուզեր որ ուրիշը ընէ քեզի» ոսկէ կանոնին։

Պատասխանելով Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին վերաբերող հարցին՝ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ, որ Վատիկանի մէջ ընդունած պատուիրակութիւններուն միշտ անորմէ օրինակ կը նուիրէ, «քանի որ», կը շեշտէ Ան,  «դա կարևոր գիրք է ոչ միայն կրօններու միջեւ երկխօսութեան, այլեւ բոլոր մարդկային էակներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան համար։ Ըստ Ֆրանչիսկոսի «Մարդկային եղբայրութիւնը աշխարհի վէրքերու թոյնը բուժելու համար աշխարհին անհրաժեշտ հակաթոյնն է: Միջ կրօնական համագործակցութեան ապագան հիմնուած է փոխադարձութեան, միւսի նկատմամբ յարգանքի և ճշմարտութեան սկզբունքի վրայ», կ’ընդգծէ Ան։

«Այսօր մենք կարիք ունինք խաղաղութիւն կերտողներու  եւ ոչ թէ զէնք արտադրողներու, (․․․) ոչ թէ հակամարտութիւն հրահրողներու, կարիք ունինք հրշէջներու եւ ոչ թէ հրկիզողներու, կարիք ունինք հաշտեցման ջատագովներու, այլ ոչ թէ մարդոց, որոնք աւերումներ կը սպառնան» կը պնդէ Նորին Սրբութիւնը եւ այս նիւթի ծիրէն ներս կ’ընդգծէ առարկայական գործողութիւններու կարեւորութիւնը․ «Եղբայրութեան մասին խօսիլը դիւրին է, բայց եղբայրութեան իրական չափանիշն այն է, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարենք առարկայական ձեւով օգնելու համար» միւսները՝ առանց որեւէ «խտրականութեան եւ բացառութեան»։

Ահաբեկչական սպառնալիքներու աճին Ֆրանչիսկոս կ’արձագանքէ Փաստաթուղթի խօսքերով՝ դատապարտել «կեանքին սպառնացող բոլոր գործելակերպերը, որոնց շարքին ցեղասպանութիւնը, ահաբեկչական գործողութիւնները, բռնի տեղահանումը, մարդկանց առեւտուրը, արհեստական վիժումը եւ հեշտամահը եւ այս բոլորին աջակցող քաղաքականութիւնը»: 

Սրբազան Պապը, ապա, իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ապու Տապիի մէջ Աբրահամի տան համար, որ տարածք մըն է, ուր կառուցուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոսին նուիրուած եկեղեցի, մզկիթ և սինակոկ, որպէս մարդկային եղբայրութեան սկզբունքի իրականացում։

Ան կ’աւարտէ խօսքը՝ իր  մտահոգութիւնը արտայայտելով կլիմայական եւ բնապահպանական ճգնաժամի առնչութեամբ․ «պէտք է յայտարարութիւնները գործի վերածենք, քանի դեռ ուշ չէ», կը շեշտէ Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2023, 12:12