Որոնել

«Միասին աճիլը մեզի կ՛օգնէ ստեղծելու աւելի մարդկային ու եղբայրական աշխարհ մը». Տարեցներու օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը

Ծերութիւնը օրհնեալ ժամանակ է, եղանակն է հաշտութեան, քնքշութեամբ նայելու լոյսին, որ յառաջ մղուեցաւ հակառակ խաւարին, այն վստահելի յոյսով որ Աստուծոյ կողմէ սերմանուած բարի ցորենը պիտի յաղթէ որոմին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` կիրակի 23 Յուլիս 2023ին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած մամիկ պապիկներու ու տարեցներու նուիրուած երրորդ օրը, որուն առիթով Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախագահեց օրուան նուիրուած պատարագին եւ արտասանեց օրուան քարոզը, զոր կեդրոնացուց օրուան աւետարանին վրայ քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն ուր Յիսուս կը ներկայացնէ Որոմին, Մանանեխին եւ Խմորին առակները (Մատթ. 13,24-30)։

Առակներու ոճը

«Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսելու համար Յիսուս առակներ կը գործածէ։ Կը պատմէ դիւրին պատմութիւններ, որոնք կը հասնին ունկնդրողի սրտին։ Այս ոճը, լի պատկերներով, կը նմանի մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն իրենց թոռնիկներուն հետ գործածած ոճին, մի գուցէ զանոնք առնելով իրենց գիրկը, եւ իմաստութեամբ  փոխանցելով կեանքին հայող կարեւոր բաներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով քարոզին որուն ընթացքին վերընթերցումը կատարեց աւետարանական երեք պատմութիւններուն մեկնելով զանոնք միացնող երեւոյթէն, այն է միասին աճիլ։

Որոմն ու ցորենը

«Առաջին առակին մէջ որոմն ու ցորենը միասին կ՛աճին, նոյն արտին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը այդ մէկը նմանեցնելով կեանքի իրականութեան ուր խաւարն ու լոյսը, սէրն ու անձնասիրութիւնը միասին կ՛աճին եւ նոյնիսկ «չարն ու բարին իրար միահիւսուած են, այն աստիճան, որ անբաժանելի կը թուան»:

«Քրիստոնեան իրատես է, գիտէ որ աշխարհին մէջ կան ցորենն ու որոմը» շարունակեց Սրբազան Պապը նկատել տալով, որ «այսօրուան առակը մեզի կը սորվեցնէ ինչպէս վարուիլ երբ կը նշմարենք որոմը»։ Յիսուս արդարեւ սերմնացանին բերնով կ՛ըսէ «Թոյլ տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը»։

«Ասիկա Աստուծոյ ողորմած մանկավարժութիւնն է, որ մեզ կը հրաւիրէ համբերութիւն ունենալու միւսներուն հանդէպ եւ ընտանիքի, Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ ընկալելու դիւրաբեկութիւններն ու սահմանափակումները, համբերութեամբ յառաջ տանելով բարի ցորենի հոգատարութիւնը» յարեց Նորին Սրբութիւնը մտաբերելով տարեցները, մամիկ պապիկները, որոնք կեանքի երկար ճանապարհ կտրեցին ու եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետեն պիտի տեսնեն շատ բաներ, զոր չկարողացան իրագործել։

«Բայց Տէրը այսօր կը հրաւիրէ անդորրութեամբ ընդունիլ կեանքին խորհուրդը եւ Իրեն թողուլ դատաստանը...կարծես մեզի կ՛ուզէ ըսել «Նայեցէք բարի ցորենին, որ ձեր կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին աճեցաւ ու զայն աւելիով աճեցուցէք, ամէն ինչ ինծի վստահելով, որ մշտապէս կը ներեմ, վերջաւորութեան բարին միշտ աւելի զօրեղ պիտի ըլլայ չարէն»։

Ծերութիւնը օրհնեալ ժամանակ է, եղանակն է հաշտութեան, քնքշութեամբ նայելու լոյսին, որ յառաջ մղուեցաւ հակառակ խաւարին, այն վստահելի յոյսով որ Աստուծոյ կողմէ սերմանուած բարի ցորենը պիտի յաղթէ որոմին։

Մանանեխի հատիկը

Ակնարկելով մանանեխի հատիկի մասին երկրորդ առակին Քահանայապետը դիտել տուաւ, թէ ինչպէս այդ փոքրիկ հատիկը երբ աճի ծառ կը դառնայ «այնպէս որ երկնքի թռչունները կու գան եւ անոր ճիւղերուն վրայ կը հանգչին», այս մէկը նմանեցնելով մեր կեանքին։

«Աշխարհ կու գանք փոքրութեան մէջ, կը դառնանք մեծահասակ ապա տարեց։ Սկիզբը փոքր սերմ մըն ենք. Ապա կը սնուինք յոյսով, կ՛իրագործենք ծրագիրներ եւ երազներ, որոնցմէ ամէնէն գեղեցիկը ծառ դառնալ է։ Ծառ որ չ՛ապրիր ինքնիրեն համար, այլ որպէսզի շուք ընէ անոր, որ կը փափաքի ու տարածք նուիրէ անոր` որ կ՛ուզէ բոյն մը շինել»։

«Այս առակին մէջ իրար հետ կ՛աճին ալեհեր ծառը եւ թռչունները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը տարեցները նմանեցնելով ծառին, որուն տակ զաւակներն ու թոռնիկները կ՛իրագործեն իրենց բոյները, կը սորվին ապրիլ տան մթնոլորտի մէջ ու կը փորձարկեն ողջագուրումի մը քնքշութիւնը։

Խմորն ու ալիւրը

«Մենք կարիքը ունին տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ նոր դաշինքի մը .. այդ պտղաբեր փոխյարաբերութեան` ընդմէջ փորձառութեան եւ աճող յոյսին, մենք կը սորվինք կեանքին գեղեցկութիւնը ու կ՛իրագործենք եղբայրական ընկերութիւն մը» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը որ ապա մատնանշեց երրորդ առակին ուր «միասին կ՛աճին խմորն ու ալիւրը` միասին խմորուելով»։

«Խմորուիլը «միասին ապրելու, խառնուելու, իրարու հանդիպելու, զիրար գրկելու և միւսներու հետ միաւորուելու համար դուն քեզմէ դուրս գալու հոգեւոր փորձառութիւնն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ այս մէկը «կը յաղթահարէ անհատականութիւնն ու անձնասիրութիւնները ու մեզի կ՛օգնէ ստեղծելու աւելի մարդկային ու եղբայրական աշխարհ մը»։

Չանտեսենք տարեցները

«Աստուծոյ խօսքը կոչ մըն է հսկումի` որպէսզի մեր ընտանիքներուն մէջ չանտեսենք տարեցները։ Ուշադիր ըլլանք որպէսզի մեր մարդաշատ քաղաքները չի դառնան «մենութեան կեդրոններ», այնպէս չի պատահի որ ամենադիւրաբեկներու կարիքները հոգալու կոչուած քաղաքականութիւնը մոռնայ տարեցները, թոյլ տալով, որ շուկան զանոնք նկատէ «անարդիւնաւէտ թափօններ։Թող այնպէս չպատահի, որ ամբողջ արագութեամբ հետապնդելով արդիւնաւէտութեան և կատարողականի առասպելները, մենք ի վիճակի չըլլանք դանդաղեցնել այդ արագութիւնը՝ ուղեկցելու անոնց` որոնք դժուարութիւն ունին հետեւելու քայլերուն։ Խնդրեմ, եկէք խմորուինք, եկէք միասին աճինք:

Եղբայրներ, քոյրեր, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հրաւիրէ չբաժանուելու չփակուելու մենք մեր մէջ, չմտածելու, որ մենք կարող ենք միայնակ յառաջ ընթանալ, այլ միասին աճիլ: Ունկնդրենք զիրար, խօսինք միասին ու իրարու թիկունք կանգնինք փոխադարձաբար։

Չմոռանանք մեր մատիկ-պապիկներն ու տարեցները. Անոնց գուրգուրանքին շնորհիւ մենք բազմիցս դարձեալ ոտքի ելանք, վերսկսանք մեր ճանապարհը, մենք մեզ զգացինք սիրուած եւ ներքնապէս բուժուած։

Անոնք իրենք զիրենք զոհաբերեցին մեզի համար, և մենք չենք կարող զանոնք զրկել մեր առաջնահերթ օրակարգէն։ Աճինք միասին, յառաջ ընթանանք միասին եւ Տէրը պիտի օրհնէ մեր ուղեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2023, 10:34