Որոնել

Pope Francis leads the Angelus prayer at the Vatican

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պահպանենք մեր հասարակաց տունը. Օգնութեան հասնինք գաղթականներուն. Աղօթենք խաղաղութեան համար։

Քահանայապետը յիշեց եղանակային կլիմայական ծայրայեղ իրադարձութիւնները, հիւսիսային Ափրիկէի մէջ գաղթականները ու հրաւիրեց աղօթել խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 23 Յուլիս 2023ին արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով աղօթքին մասնակցող բազմահազար հաւատացեալները նախ յիշեց Տարեցներու միջազգային օրը ու մի քանի օր ետք տեղի ունեցող ԵՀՕ ապա ակնարկեց շատ մը Երկիներուն մէջ եղանակային կլիմայական ծայրայեղ իրադարձութիւններուն ուր, ըսաւ Ան, «մէկ կողմէն բազմաթիւ տարածաշրջաններ կը տառապին անբնական ջերմութեան ալիքներէ ու միւս կողմէ կան կան փոթորիկներ և ջրհեղեղներ, նման անոնց որոնց թիրախ դարձաւ վերջին օրերուն Հարաւային Քորէան»։

Պաշտպանենք հասարակաց տունը

«Ես մօտիկ եմ անոնց, որոնք կը տառապին եւ անոնց, որոնք օգնութեան կը հասնին զոհերին և տեղահանուածներուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը վերանորոգելով իր կոչը ազգերու ղեկավարներուն, «որպէսզի աւելի շօշափելի բաներ ընեն ապականող արտանետումները սահմանափակելու համար»։

«Ասիկա հրատապ մարտահրաւէր է և չէ կարելի հետաձգել, ան կը վերաբերի բոլորին։ Եկէք պաշտպանենք մեր հասարակաց տունը» ըսաւ Քահանայապետը:

Գաղթականութեան ողբերգութիւնը

Ան ապա ուզեց ուշադրութիւնը հրաւիրել Ափրիկէի հիւսիսային շրջանի մէջ շարունակուող գաղթականութեան ողբերգութեան վրայ ուր հազարաւոր անձինք, անասելի տառապանքներով, շաբաթներէ ի վեր լքուած են անապատային տարածքներուն մէջ:

«Կոչ կ՛ուղղեմ, մասնաւորապէս, եւրոպական և ափրիկեան պետութիւններու և կառավարութիւններու ղեկավարներուն՝ շտապ օգնութիւն և հոգատարութիւն ցուցաբերելու այդ եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Թող որ Միջերկրական ծովն այլևս երբեք մահուան և անմարդկայնութեան թատրոն չդառնայ: Թող Տէրը լուսաւորէ բոլորի մտքերն ու սրտերը՝ արթնցնելով եղբայրութեան, համերաշխութեան և ընդունման զգացումներ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աղօթենք Ուքրանիոյ համար

Ան ապա դարձեալ խնդրեց շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար, ի մասնաւորի սիրելի Ուքրանիոյ համար, «որ կը շարունակէ թիրախ դառնալ մահուան ու կործանումներուն այնպէս ինչպէս պատահեցաւ այս գիշեր Օտեսայի մէջ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա ողջունեց հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու խումբերը, բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու աղօթք խնդրելով իրեն համար ու նաեւ աղօթք` բոլոր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2023, 12:55