Որոնել

2023.07.24 Partecipanti al Capitolo Generale delle Religiose di Maria Immacolata Missionarie Clarettiane

Քահանայապետին 24 Յուլիսի պաշտօնական հանդիպումները ու Քլարէթեան միաբանութեան ուղղած խօսքը

«Մի վախնաք հատելէ աշխարհագրական և գոյութենական սահմանները, ինչպէս ըրաւ Հայր Քլարէն, որպէսզի բոլորն ալ իմանան Աստուծոյ Սրտի յորդառատ սէրը: Եկեղեցին և այսօրեայ աշխարհը հրատապ կարիք ունին ձեր նուիրաբերուած կեանքի հաւատարիմ և խիզախ վկայութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 24 Յուլիս 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Հռոմի նախկին քաղաքապետ Տիկ Վիճինիա Ռաճճի, ապա Ուկանտայի Վարչապետ Տիկ Ռոպինա Նապպայա, հուսկ Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան Ընդհանուր Տնօրէն Տիար Թէտրոս Ատէանոմ Կէպրէյէսուսը։

Սրբազան Պապը ապա Պօղոս Զ անուան փոքրիկ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Քլարէթեան Միսիոնարներու Անարատ Յղութեան կրօնաւորուհիներու ընդհանուր ԺԸ Ժողովի մասնակցողներուն, անոնց ուղղելով ողջոյնի խօսքը մը, որուն մէջ միաբանութեան անդամներուն ուղեւորութիւնը նմանեցուց Էմմաուսի աշակերտներու ուղեւորութեան, երբ անոնք բացայայտելէ ետք թէ իրենց ընկերացողը Յարուցեալ Քրիստոսն էր իրենց սրտերը կը լեցուին յոյսով ու դուրս կու գան զայն հռչակելու ուրախութեամբ։

Սիւնհոդոսական ընթացքը` հանդիպում, մասնակցութիւն, երկխօսութիւն, հաղորդութիւն եւ առաքելութիւն

Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ Եկեղեցւոյ ապրած սիւնհոդոսական ընթացքի հիմնական տարրերուն` հանդիպում, մասնակցութիւն, երկխօսութիւն, հաղորդութիւն եւ առաքելութիւն, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որ իրենց կարգին կը միանան տիեզերական եկեղեցւոյ ուղեւորութեան, միասին կառուցելով ունկնդրութեան եւ Աւետարանի քարոզութեան տարածքներ։

«Դուք որպէս միսիոներներ Յիսուսին պատգամը կը տանիք այնտեղ ուր առաքուած էք, Մարիամի քնքշութեամբ ու անոր վստահութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով միաբանութեան հիմնադիր Անթոնիօ Մարիա Քլարէին` որ «կը բարեխօսէ ձեր առաքելութեան համար», յարեց Ան հրաւիրելով, որ շարունակեն խորացնել իրենց շնորհապարգեւի արմատները ու միւսներուն փոխանցեն  իրենց ընդունած ժառանգութիւնը, զանոնք վարակելով Աւետարանի ուրախութեամբ։

Հատել աշխարհագրական և գոյութենական սահմանները

«Մի վախնաք հատելէ աշխարհագրական և գոյութենական սահմանները, ինչպէս ըրաւ Հայր Քլարէն, որպէսզի բոլորն ալ իմանան Աստուծոյ Սրտի յորդառատ սէրը: Եկեղեցին և այսօրեայ աշխարհը հրատապ կարիք ունին ձեր նուիրաբերուած կեանքի հաւատարիմ և խիզախ վկայութեան» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը աղօթք վստահեցնելով ընդհանուր ժողովի պտուղներուն համար ու խնդրելով որ չմոռնան իրեն համար աղօթելու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2023, 12:22