Որոնել

Մարեմեան աղօթք, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը Մարեմեան աղօթք, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց, թէ 30 սեպտեմբերին պիտի գումարուի կարդինալական ժողով նոր 21 կարդինալներու անուանումի համար

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց նոր կարդինալներու անունները որոնց շարքին նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ, Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 9 յուլիսին, Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ խոր ցաւով իմացած է, որ Սուրբ Երկրի մէջ դարձեալ արիւն կը թափուի մաղթելով, որ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները կարողանան վերսկսիլ ուղիղ երկխօսութեան՝ վերջ դնելու համար բռնութեան եւ բանալու խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ճանապարհներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ, թէ այսօր՝ «Ծովու կիրակի« օրն է նուիրուած նաւերուն, նաւահանգիստներուն, ծովային շրջանակէն ներս աշխատողներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ծովայիններուն, որոնք իրենց աշխատանքէն զատ ծովը կը պաշտպանեն ապականութենէ ու ծովէն դուրս կը հանեն մեր թափած բոլոր կեղտը,՝ «փլաստիկը»։
Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծովու առաքելութեան կամաւորներուն, զանոնք յանձնելով Տիրամօր հովանիին։

Կոչին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք, Իտալացի եւ օտարերկերայ ուխտաւորները յայտարարեց թէ յառաջիկայ 30 սեպտեմբերին պիտի գումարուի կարդինալներու ժողով՝ նոր կարդինալներու անուանումին համար։
Անոնց ծագումը կ՝արտայայտէ եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը, որ կը շարունակէ հռչակել Աստուծոյ ողորմած սէրը երկրի բոլոր մարդոց» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ Հռոմի թեմէն ներս նոր կարդինալներուն ընդգրկումը ցոյց կու տայ Սուրբ Պետրոսի Աթոռի եւ աշխարհի մէջ տարածուած տեղական եկեղեցիներու միջեւ անքակտելի կապը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց  հետեւեալ նոր կարդինալներուն անունները.

Եպիսկոպոսներու վերատեսչութեան վերատեսուչ գերապայծառ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեւոսթ։

Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճդրոթթի։

Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէզը։

Առաքելական նուիրակ գերապայծառ Էմիլ Փոլ Չերռիկ։

Առաքելական նուիրակ գերապայծառ Քրիսթոֆ Լուիս Իվէս Ժորժ Փիեռ։

Երուսաղեմին լատինաց պատրիարք, Հայր Փիերպաթիսթա Փիցապալլա։

«Cape Town»ի թեմի արք. գերապայծառ Սթէֆէն Պրիսլին։

Քորտոպա թեմի արք. Գերապայծառ Անճէլ Սիքսթօ Ռոսսի։

Պողոթա թեմի արք գերապայծառ Լուիս Խոսէ Ռուէտա Ափարիսիօ

Լոտիզ թեմի արք, գերապայծառ Կրզէկորս Ռիս։

Ժուպա թեմի արք, գերապայծառ Սթէֆըն Ամէյու Մարթին Մուլլա

Մատրիտի թեմի արք, Գերապայծառ Խօսէ Քոպօ Քանօ։

Թապորա թեմի օգնական արք, Փրոթաս Ռուկամվա։

Փենակ թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Սէպասթեան Ֆրանսիս։

Հոն Քոնկի եպիսկոպոս գերապայծառ Սթէֆըն CHOW SAU-YAN

Ajaccio թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Ֆրանսուա Խաւիէ Պուսթիլլօ

Լիզպոնի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Ամէրիկօ Մանուէլ Ալվէս Ակուիար

Սալեզեաններուն աւագ մեծաւոր Հայր Ֆերնանտեզ Արթիմ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց նաեւ, որ նոր կարդինալներուն հետ միասին կարդինալական դասին անդամներուն կը միացնէ երկու արքեպիսկոպոսներն ու կրօնաւոր մը, որոնք յատկանշուեցան իրենց եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեամբ Կարդինալական դասին մարմնի անդամներուն կը միանան.

Պապական Նուիրակ գերապայծառ Ակոսթինօ Մարքեթթօ։

Քումանա թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Տիէկօ Ռաֆայէլ Փատրոն Սանչեզ։

Պուէնոս Այրէսի Փոմփէի տիրամօր սրբավայրի խոստովանահայր հայր Լուիս Փասքալ Տրի

Յայտարարութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց աղօթել նոր կարդինալներուն համար որպէսզի անոնք հաստատելով իրենց հաւատարմութիւնը Քրիստոսին, Ողորմած եւ հաւատարիմ Քահանային, օգնեն Հռոմի եպիսկոպոսին պաշտօնին մէջ, Աստուծոյ հաւատարիմ Սուրբ Ժողովուրդի բարիքին համար։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2023, 13:46