Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդպի Վատիկանի մէջ կազմակերպուած ճամբարի մասնակցող պատանիներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդպի Վատիկանի մէջ կազմակերպուած ճամբարի մասնակցող պատանիներուն հետ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջագուրեց Վատիկանի մէջ ամառնային ճամբարի մասնակցող պատանիները

Վատիկանի մէջ ամէն տարի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կը կազմակերպուի Վատիկանի պաշտօնեաներու զաւակներուն համար ամառնային ճամբար։ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջագուրեց ճամբարի մասնակիցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վատիկանի մէջ կազմակերպուած ճամբարի մասնակցող պատանիներուն հետ, որոնք Նորին Սրբութիւնը ողջունեցին մեծ ծափահարութեամբ եւ ուրախութեամբ։

Վատիկանի մէջ ամէն տարի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կը կազմակերպուի Վատիկանի պաշտօնեաներու զաւակներուն համար ամառնային ճամբար, մասնագէտ դաստիարակիչներու ուղղեկցութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընկերակցութեամբ Վատիկանի մէջ Սալեզեան հասարակութեան տնօրէն, անվտանգութեան ծառայութիւններու տնօրէնութեան, Վատիկանի թանգարաններու քաղաքացիական պաշտպանութեան մատրանապետ, հայր Ֆրանքօ Ֆոնթանայի, զրուցեց մանուկներու եւ երիտասարդներու հետ, որոնք տարիքի բերումով բաժնուած են երեք խումբերու երեք տարբեր գոյներով։

Հանդիպումի ընթացքին երկու մանուկներ Նորին Սրբութեան ներկայացուցին մետալիոն մը, որուն վրայ գրուած է «Հերոս» բառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2023, 14:26