Որոնել

2022.11.28 GMG Lisbona 2023

ԵՀՕ. Երիտասարդներ` քալեցէք քաջութեամբ միւսներուն հետ ոչ թէ առանցին. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ավվենիրէ օրաթերթին վրայ հրատարակուած Քահանայապետին հակիրճ պատգամը` որով կ՛օրհնէ Լիզպոն մեկնող իտալացի երիտասարդները

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Կը մաղթեմ որ ուրախութեամբ հասնիք այդ հանդիպումին։ Կեանքը մենք մեզ ուղեւորութեան մէջ դնել է». Հրաւէրն է սա Հովիւին, որ կը պատրաստուի մօտ օրէն ողջագուրելու երիտասարդ բարեկամներու բազմութիւնը։

Լսատեսողական կարճ պատգամի մը միջոցաւ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղեց իտալացի երիտասարդներուն որոնք մի քանի օրէն Լիզպին պիտի մեկնին մասնակցելու համար ԵՀՕ, որ տեղի պիտի ունենան մէկէն մինչեւ վեց օգոստոս 2023ին եւ ամսուն երկուքէն պիտի տեսնեն Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութիւնը։

«Կեանքը այդպէս է մենք մեց ընթացքի մէջ դնել է։ Երիտասարդները ունին կոչումը ուղեւորութեան մէջ դնելու իրենք զիրենք. Յառաջ գացէք, քաջութեամբ, նայեցէք միշտ ուր կ՛ուզէք հասնիլ։ ճանապարհորդութեան հոգեւոր փորձառութեամբ, որ միշտ միւսներուն հետ ու անոնց մօտիկ է եւ ոչ թէ առանձին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2023, 10:00