Որոնել

2023.07.16 Giovani della Diocesi di Co'rdoba (Argentina)

Քահանայապետը Արժանթինցի երիտասարդներուն. Բարձրացուցէք եղբայրութեան յաղթանակի բաժակը։

Սրբազան Պապը քաջալերեց երիտասարդները խորապէս ապրելու ԵՀՕ, որ, յարեց Ան, «ձեզի պիտի հարստացնէ բազմաթիւ դէմքերու տարբերութիւններով, մշակոյթներով, փորձարարութիւնով եւ մեր հաւատքի տարբեր արտայայտութիւններով ու դրսեւորումներով։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 16 Յուլիս 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արժանթինէն Հռոմ ժամանած Քորտոպա Աւագ Թեմի երիտասարդ  ուխտաւորներու խումբի մը հետ, որ մօտ օրէն պիտի մեկինի Լիզպոն մասնակցելու համար օգոստոս ամսուայ սկիզբը այնտեղ  կայանալիք ԵՀՕ համախմբումին։

Երիտասարդներուն հետ հանդիպումին ընթացին Քահանայապետը անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ ակնարկելով ԵՀՕ բնաբանին որ է «Մարիամ փութով ոտքի ելաւ եւ գնաց» ըսաւ. «Դուք` նման հազարաւոր երիտասարդներու, որոնք կ՛ուղղուին դէպի Փորթուկալ, կեանքի վերածեցիք կարգախօսը` որ մեզ կը համախմբէ եւ Մարիամի նման ոտքի ելաք, թողուցիք բոլոր բաները զոր կը ճանչնաք, ձեր ընտանիքները, ձեր հանգստութիւնը ու մեկնեցաք արագ` հանդիպելու համար ուրիշներուն»։ 

Հաւատքի ու սիրոյ շապիկը

«Ձեզ յատկանշողը շապիկն է` Աստուծոյ եւ եղբայրներուն նկատմամբ հաւատքի ու սիրոյ շապիկը» յարեց Նորին Սրբութիւնը, ԵՀՕ  ներկայացնելվ որպէս «Աշխարհի ախոյանութիւն», ուր չկան յաղթողներ ու պարտուողներ, այլ բոլորն ալ յաղթական են։ 

Եղբայրութեան բաժակը

«Որովհետեւ, ըսաւ Ան, երբ մենք դուրս կու գանք մենք մեզմէ եւ կը հանդիպինք միւսներուն, երբ մենք կը բաժնեկցինք, այսինքն  մեր ունեցածը կը պարգեւենք ու պատրաստ ենք միւսներէն ընկալելու իրենց պարգեւածը, երբ մենք չենք մերժեր ոչ մէկը, այդ պահուն բոլորս ալ յաղթական ենք եւ բոլորս միասին կարող ենք վեր բարձրացնել «եղբայրութեան բաժակը» որ մեծապէս անհրաժեշտ է մեր ժամանակներուն։ 

Հետեւիլ Քրիստոսին մինչեւ վերջ

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց, թէ Հռոմի մէջ անոնք կարող են տեսնել «հետքերը» այն բազմաթիւ քրիստոնեաներուն, որոնք Քրիստոսին հետեւեցան մինչեւ վերջ, բազմաթիւ սուրբեր` որոնք իրենց կեանքը տուին Յիսուսին։ Այս մէկը, ըսաւ Ան, մեզի կը սորվեցնէ թէ Քրիստոսի խումբին մէջ խաղը կը խաղցուի մինչեւ վերջին վայրկեան... պէտք է միշտ արթուն ըլլանք եւ խմբային խաղ խաղանք, հետեւելով խմբապետին, այսինքն այն անձերուն` որոնք մեզի կ՛ընկերանան եւ մեզ կ՛առաջնորդեն, որպէսզի ամէն օր աւելիով Յիսուսին բարեկամները դառնանք։ 

Սրբազան Պապը առ այդ քաջալերեց երիտասարդները խորապէս ապրելու ախոյանութիւնը, այս Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը, որ յարեց Ան, «ձեզի պիտի հարստացնէ բազմաթիւ դէմքերու տարբերութիւններով, մշակոյթներով, փորձառութիւններով եւ մեր հաւատքի տարբեր արտայայտութիւններով ու դրսեւորումներով։

Բոլորը մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ

Սակայն ամէնէն առաջ պիտի կարենաք փորձարկել Յիսուսին իղձը, այսինքն «թէ բոլորս մէկ բան ենք, որպէսզի աշխարհը հաւատայ  (Յովհ, 17, 21)», եւ այս մէկը ձեզի պիտի օգնէ վկայութիւն տալու Աւետարանի ուրախութեան բազմաթիւ այն երիտասարդներուն, որոնք կեանքի իմաստ չեն գտներ եւ կորսնցուցած են յառաջ երթալու համար ճանապարհը։

«Կը մաղթեմ, որ լաւ մրցոյթ մը խաղաք։ Թող Յիսուս ձեզ օրհնէ եւ Սուրբ Կոյսը ձեզի պահապան կանգնի։ Եւ եթէ կը բարեհաճիք ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։ Լիզպոն կը հանդիպինք» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2023, 12:05